Պրազիլցի ֆութպոլի անցեալի աստղ Ռիվալտօ իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ պիտի վերսկսի ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին:
43 տարեկան Ռիվալտօ հանդէս պիտի գայ Պրազիլի Բ. դասակարգի կազմերէն Մոկի Միրիմ խումբին հետ, որուն նախագահը կը նկատուի ան, կը յայտնէ ArmSport.am:
«Երկար քննարկումներէ ետք, որոշեցի վերսկսիլ ֆութպոլի մրցումներուն: 15 ամիս առաջ էր, որ աւարտեցի ասպարէզս, ուրեմն կրնամ եւ պատրաստ եմ մրցումներ կատարելու, կ՛ուզեմ օգնել խումբիս, նոյնիսկ անոր կատարած փորձերուն ընթացքին», ըսաւ Ռիվալտօ: