Հայաստանի վարորդներու ակումբին («STR») յատուկ հրաւէրով, ուրբաթ, 26 յունիսին, լիբանանահայ փորձառու վարորդ Կարօ Յարութիւնեան կը մեկնի Հայաստան, ուր հոն պիտի մեծարուի հիւրընկալ ակումբին կողմէ` յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին:
Յարութիւնեան տիրացած է բազմաթիւ տիտղոսներու, ըլլան անոնք տեղական կամ միջազգային իմաստով:
Նշենք, որ Յարութիւնեան պատուոյ հիւրը պիտի ըլլայ կիրակի, 5 յուլիսին, Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք տրիֆթի մրցումին: