Քաթալոնական Պարսելոնայի նախագահի թեկնածու Խուան Լափորթա նախորդ շաբաթավերջին իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին խոստացաւ նախագահ ընտրուելու պարագային ակումբին մարզաշապիկին վրայէն հանել «Քաթար Էրուէյզ» գրութիւնը:
«Յոյս ունիմ, որ այդ օրը մարդիկ իսկական ընտրութիւն կատարեն: Պիտի փորձեմ պահել Պարսելոնայի աւանդութիւնները: Պարսելոնա եկամուտ ստանալու բազմաթիւ տարբերակներ ունի նաեւ, առանց մարզաշապիկի վրայի գրութեան: Ատիկա ակումբին արժէքներուն հարցն է եւ կ՛ուզեմ փրկել զանոնք», Լափորթայի խօսքերը կը մէջբերէ ArmSport.am կայքը` օգտագործելով «Մունտօ Տեփորթիւօ» կայքին հրապարակած մէկ լուրը: