Պոլսոյ մէջ սկսած Եւրոպայի ազատ ոճի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան, 72 ըմբիշներ պիտի փորձեն մետալներու տիրանալ 50, 60, 74 եւ 96 քկ դասակարգերուն մէջ, կը յայտնէ ArmSport.am:
Հայաստանը կը ներկայացնեն 4 ըմբիշներ, որոնք հանդէս պիտի գան այս մարզաձեւին մէջ` Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Աւետիք Վարդանեանի ղեկավարութեամբ:
Երէկ աւելի յաջող էր 50 քկ դասակարգին մէջ հանդէս եկող Ռազմիկ Միսաքեանի ելոյթը:
Վիճակահանութեան արդիւնքներով ան պայքարը սկսաւ քառորդ աւարտականէն, ուր 6-0 արդիւնքով յաղթեց Գերմանիան ներկայացնող Վիքթոր Լիզենին:
Կիսաւարտականին հայրենի ըմբիշը բացայայտ առաւելութեամբ 10-0 արդիւնքով յաղթեց ուքրանացի իր մրցակիցին` Տիմիթրօ Նեսվիաթիփասքանին եւ այսպիսով իրաւունք ստացաւ աւարտականին ճակատելու ռուս Իսմայիլ Հաճիեւի հետ` Եւրոպայի ախոյեանի տիտղոսին տիրանալու համար:
74 քկ դասակարգին մէջ Սուրէն Խաչատրեան հասաւ մինչեւ քառորդ աւարտական, ուր պարտութիւն մը կրեց լիթուանացի իր մրցակիցէն:
Պրոնզէ մետալին տիրանալու համար Խաչատրեան պէտք է անպայման յաղթէ ազրպէյճանցի իր մրցակիցին` Սիւլէյմանովի:
60 քկ դասակարգին մէջ Վարդգէս Կարապետեան եւ 96 քկ դասակարգին մէջ Յովհաննէս Մխիթարեան այդքան ալ փայլուն արդիւնքներ ձեռք չկրցան ձգել, յայտնեց Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին կայքը: