«ԱՍ» պարբերաթերթին համաձայն, Ռէալ Մատրիտի յետսապահ Սերճիօ Ռամոս կ՛ուզէ այս ամրան ընթացքին, նախքան մարզիկներու փոխանցումներուն աւարտիլը, հեռանալ իր ակումբէն եւ նոր կազմի մը միանալ:
29 տարեկան Ռամոս կը յայտնէ, որ դժգոհ է ակումբին պատասխանատուներէն եւ անոնց վարած քաղաքականութենէն: Անոր կարծիքով, Ռէալի մէջ բաւականաչափ չեն գնահատեր զինք, հետեւաբար, ասկէ մեկնելով, ան չ՛ուզեր ենթարկուիլ Վիչենթէ Տել Պոսքէի, Ֆերնանտօ Հիերոյի ու Ռաուլ Կոնզալեսի ճակատագիրին եւ կ՛ուզէ անմիջապէս փոխել իր ակումբը:
Այլ կազմի մը միանալով` ան յոյս ունի, որ աւելի բարձր աշխատավարձ ալ կը ստանայ, որովհետեւ ներկայիս, իր տուրքերը վճարելէն ետք, իր տարեկան զուտ եկամուտը կը կազմէ 6 միլիոն եւրօ:
Նշենք, որ ներկայ դրութեամբ Ռամոսով հետաքրքրուած են Մանչեսթըր Սիթի, Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն, կ՛եզրափակէ ArmSport.am: