
Պաքուի մէջ տեղի ունեցող եւրոպական առաջին խաղերուն, իր ելոյթները յաղթանակով սկսաւ Հայաստանը ներկայացնող 52 քկ դասակարգի կռփամարտիկ Նարեկ Աբգարեան:
1-8-րդ հանգրուանին, Աբգարեան 2-1 արդիւնքով յաղթեց հունգարացի Նանտոր Ցոկիին:
Քառորդ աւարտականին, որ տեղի պիտի ունենայ 23 յունիսին, հայ կռփամարտիկը պիտի մրցի սլովաք Ուիլիամ Թանքոյի դէմ:
64 քկ դասակարգին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Պաչքով պարտուեցաւ ուքրանացի իր մրցակիցէն` Վիքթոր Փեթրովէն: