Մարզական

«Քոփա Ամերիքա», Փերու Ապահովեց Կիսաւարտականին Իր Տոմսը, Ուր Կը Մրցի Չիլիի Դէմ

Չիլիի մէջ տեղի ունեցող «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, կիսաւարտականին հասնող երկրորդ խումբը հանդիսացաւ Փերու, որ հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց, 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Պոլիվիան: Փերուի այս յաղթանակը կերտեց Խոսէ Փաուլօ Կէօրերօ, որ հեթրիք մը իրագործեց (20-րդ, 23-րդ եւ 74-րդ): Պոլիվիոյ ուշացած կոլը նշանակեց Մարսելօ Մորենօ (84-րդ` փենալթիով): Կիսաւարտականին Փերու պիտի մրցի հիւրընկալ երկրին` Չիլիի դէմ, որ մրցաշարքէն դուրս...

Փինկ Փոնկ. Ժամհուր Կը Կազմակերպէ Փաթրիք Ասսաֆի Անուան 11-րդ Մրցաշարքը

Կազմակերպութեամբ Ժամհուր ակումբին եւ «Փաթրիք Ասսաֆ» ընկերութեան, հովանաւորութեամբ Սուրիա եւ Լիբանան դրամատան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, 29-30 յունիսին եւ 1 յուլիսին տեղի կ՛ունենայ Փաթրիք Ասսաֆի անուան փինկ փոնկի տարեկան 11-րդ մրցաշարքը` վերոնշեալ ակումբին մէջ: Տեղի պիտի ունենան բազմաթիւ դասակարգերու երկսեռ մրցումներ: Արձանագրութեան համար կարելի է կապ հաստատել` հեռաձայնելով հետեւեալ թիւերէն մէկուն. 03-868373, 03-240412, 03-601656 եւ 05-921323:

Կարլեն Մկրտչեան Միացաւ Անժիին

Իր լուրը քաղելով ռուսական մամուլէն` ArmSport.am կը հաղորդէ, որ Մախաչքալայի Անժին պայմանագիր պիտի կնքէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Կարլեն Մկրտչեանի հետ: 26 տարեկան ֆութպոլիստը արդէն իսկ նախապէս` 2013-2014 տարեշրջանին, հանդէս եկած է Անժիի հետ, որմէ ետք տեղափոխուած է ղազախական Թոփոլ խումբ, ապա` Փիւնիկ Երեւան: Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանի աւարտին Անժիին յաջողեցաւ ապահովել «Փրեմիեր լիկ»-ի իր տոմսը:  

Ժերար Տէօլոֆէօ Միացաւ Էվըրթընի

«Փրեմիեր լիկ»-ի կազմերէն Էվըրթըն յայտարարեց, որ իր կազմին միացուց Պարսելոնայի մարզիկներէն Ժերար Տէօլոֆէօն, որ ստորագրեց 3 տարուան պայմանագրութիւն մը` փոխան 6.7 միլիոն եւրոյի: 21 տարեկան սպանացին, որ 2013-2014 տարեշրջանին Պարսելոնայէն փոխ տրուեցաւ Էվըրթընի` 29 մրցումի նշանակեց 3 կոլ: Նշենք, որ Տէօլոֆէօ, որ նախորդ տարեշրջանին փոխ տրուած էր Սեւիլլայի, այսպիսով կը հանդիսանայ երկրորդ նորեկը, որ կու գայ «Կուտիսըն Փարք» միջնապահ Թոմ...

Ռէյ Ուիլքինզ Նշանակուեցաւ Շերվուտի Օգնական

Ռէյ Ուիլքինզ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին խմբապետ` Ռէյ Ուիլքինզ, նշանակուեցաւ Ասթոն Վիլայի մարզիչ Թիմ Շերվուտի օգնական, յայտնեց «Փրեմիեր լիկ»-ի պաշտօնական կայքը: 58 տարեկան Ուիլքինզ, որ 84 անգամ կրած է Անգլիոյ շապիկը, նախապէս եղած է լոնտոնեան կազմերէն Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզի եւ Ֆուլհեմի մարզիչ, իսկ վերջերս եղած էր Յորդանանի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչը: Ան իբրեւ ֆութպոլիստ մաս կազմած է Չելսիի, Մանչեսթըր...

Ճատրակ. Կարէն Ասրեանի Անուան 8-րդ Յուշամրցաշարքը Աւարտեցաւ

Ջերմուկի մէջ իր աւարտին հասաւ Կարէն Ասրեանի յիշատակին նուիրուած ճատրակի 8-րդ յուշամրցաշարքը, երբ տեղի ունեցան 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները: 92 մասնակցողներուն մէջ, 3 կրանտմասթըրներ` Սամուէլ Տէր Սահակեան, Միխայլօ Օլեքսիյենքօ եւ Անթոն Քորոպով (Ուքրանիա), 7-ական կէտ ապահովելով բաժնեցին 1-3-րդ դիրքը, կը յայտնէ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը` Armchess.am: Սակայն լրացուցիչ ցուցանիշներով, հայրենի կրանտմասթըր Սամուէլ Տէր Սահակեան բաժնեց երրորդ դիրքը: Տիտղոսին...

ՀՄԸՄ Անթիլիասի Պասքեթպոլի Մէկ Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Կիպրոս

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Անթիլիասի մասնաճիւղի պասքեթպոլի մարզիկներ, մարզիչներ եւ վարչական պատասխանատու մը կը մասնակցին պասքեթպոլի բանակումի մը, որ կը տեւէ մինչեւ 27 յունիս: Կիպրոսի Ակրոս շրջանին մէջ տեղի ունենալիք այս բանակումը կը կրէ «Moufflons Invitational Basketball camp» անունը եւ կազմակերպուած է ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց Ա. դասակարգի մարզիչ Նեմանիա Պիեթովի կողմէ: ՀՄԸՄ Անթիլիասի պատուիրակութիւնը կը բաղկանայ հետեւեալ անձերէն. Մեղրի Թորոսեան, Միհրան Մուրատեան,...

Եւրոպական Խաղեր. Պաքու. Յովհաննէս Դաւթեան Կը Պայքարի Պրոնզէ Մետալին Համար

Պաքուի մէջ տեղի ունեցող եւրոպական խաղերու շրջանակին մէջ, ժիւտոյի 60 քկ տղոց պայքարը թեւակոխած է վճռական փուլ, կը յայտնէ ArmSport.am: Քառորդ աւարտականին Հայաստանի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Դաւթեան պարտուեցաւ սպանացի իր մրցակիցէն` Ֆրանչիսքօ Կարիկոսէն: Սակայն Դաւթեան պիտի պայքարի պրոնզէ մետալի համար: Առաջին գօտեմարտի անոր մրցակիցը ցարդ յստակ չէ: Նշենք, որ երէկ, 1-16-րդ հանգրուանին Հայաստանի ներկայացուցիչ Ժաննա Սթանքեւիչ (52 քկ) պայքարէն դուրս մնաց:...

Մովսիսեան Կը Մարզուի Անհատական Ծրագիրով

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Սպարտակ Մոսկուայի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան, որ կը շարունակէ խնդիրներ ունենալ, կապուած` ոտքի վնասուածքի հետ, կը շարունակէ մարզուիլ անհատական ծրագիրով, կը յայտնէ ռուսական ակումբին պաշտօնական կայքը: Ան այդ մարզումը պիտի շարունակէ ակումբին բժշկական եւ մարզական յանձնախումբին որոշումով, որմէ ետք պիտի միանայ իր խմբակիցներուն, որոնք 25 յունիսէն 12 յուլիս Զուիցերիոյ մէջ հաւաք պիտի ունենան եւ այդ ժամանակամիջոցին...

«Քոփա Ամերիքա». Չիլի Յաղթեց Տիտղոսակիր Ուրուկուէյին (1-0) Եւ Հասաւ Կիսաւարտականին

«Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին հիւրընկալ երկիրը` Չիլի, յաջողեցաւ ապահովել կիսաւարտականի իր տոմսը, երբ քառորդ աւարտականին իր կատարած մրցումին 1-0 արդիւնքով յաղթեց տիտղոսակիր Ուրուկուէյի, որ մրցումը աւարտեց ինը մարզիկով: Մաուրիսիօ Իսլա նշանակեց Չիլիի կոլը (81-րդ), մինչ Ուրուկուէյէն կարմիր քարտ ստացան Էտինսոն Քաւանի (63-րդ) եւ Խորխէ Ֆուսիլէ (88-րդ): Նշենք, որ Չիլի այս մրցաշարքին սկսումէն ի վեր (1916) ցարդ չէ յաջողած տիրանալ եւ...

Ալերենկա – Ռէալ Մատրիտ Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում` 9 Օգոստոսին

Սպանական «ԱՍ» կայքը յայտնեց, որ Ռէալ Մատրիտ հաստատեց նորվեկիական Վալերենկայի դէմ տեղի ունենալիք ֆութպոլի բարեկամական մրցումին կայացման օրը: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ 9 օգոստոսին, Օսլոյի Ուլեվալ մարզադաշտին վրայ, շարունակեց ArmSport.am: Արքայական ակումբը Վալերենկայի դէմ պիտի մրցի «Օտի» բաժակի մրցաշարքին աւարտէն 4 օր ետք, երբ Ռէալի մրցակիցները պիտի ըլլան Թոթենհամ, Պայէրն Միւնիխ եւ Ա. Սէ. Միլան:

Ֆութսալ. «Աուտէ» Դրամատունը Տիրացաւ Տիտղոսին

16 դրամատուներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած ֆութսալի մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին, երբ Էմիլ Լահուտի մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` Պէյրութի եւ «Աուտէ» դրամատուներուն միջեւ: Մեծ թիւով համակիրներու ներկայութեան տեղի ունեցած աւարտական այս մրցումին յաղթանակ արձանագրեց «Աուտէ» դրամատունը, որ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք իր մրցակիցը, տիրացաւ տիտղոսին: Աւարտական այս մրցումէն ետք տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: Ախոյեան խումբէն բացի մրցանակներ...

Ըմբշամարտ. Աշխարհի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. Ռազմիկ Միսաքեան` Արծաթէ Մետալակիր

Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի երիտասարդներու ախոյեանութեան, 50 քկ դասակարգի աւարտականի մրցումին Հայաստանի ներկայացուցիչը` Ռազմիկ Միսաքեան, 5-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Իսմայիլ Կաճիեւէն (Ռուսիա), նուաճեց արծաթէ մետալը, կը յայտնէ ArmSport.am: Նշենք, որ ան իր պայքարը սկսած էր քառորդ աւարտականէն, ըստ տեղի ունեցած վիճակահանութեան: Վարդգէս Կարապետեան (60 քկ) եւ Յովհաննէս Մխիթարեան (96 քկ) որեւէ մետալ չկրցան ապահովել Հայաստանի:...

Գաբրիէլ Ղազարեան Հանդիպեցաւ Հայաստանի Պասքեթպոլի Մարզիկներուն Հետ

Գաբրիէլ Ղազարեան Հանդիպեցաւ Հայաստանի Պասքեթպոլի Մարզիկներուն Հետ

Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կայքը հաղորդեց, որ Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան հիւրընկալեց Հայաստանի պասքեթպոլի 20 տարեկանէն վար տղոց հաւաքականին անդամները: Ողջունելով ներկաները` նախարարը անոնց մաղթեց յաջողութիւն` Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանութեան ընթացքին, եւ ըսաւ, որ անձամբ պիտի հետեւի անոնց մրցումներուն: Նշենք, որ Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցի Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 9-19 յուլիսին` Հունգարիոյ մէջ: Իր...

Մանտզուքիչ Միացաւ Եուվենթուսի

Աթլեթիքօ Մատրիտի խրուաթ յառաջապահ Մարիօ Մանտզուքիչ իր ակումբը լքելով միացաւ Եուվենթուսի: Անոր փոխանցման համար Իտալիոյ ախոյեանը սպանական ակումբին վճարեց 19 միլիոն եւրօ: Սակայն այդ գումարը կրնայ բարձրանալ մինչեւ 21 միլիոն եւրոյի, նայած անոր արդիւնքներուն: 29 տարեկան Մանտզուքիչ նախորդ տարեշրջանին Աթլեթիքոյի հետ նշանակեց 20 կոլ: Անոր ժամանումով կրնայ արագանալ Եուվէէն Քարլոս Թեւեզի հեռացումը, վերջինս կ՛ուզէ միանալ իր նախկին ակումբին` Պոքա Ժունիորզին:...

«Քոփա Ամերիքա». Ուրուկուէյցի Քաւանի Կրնայ Բացակայիլ Չիլիի Դէմ Կատարուելիք Մրցումէն

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ուրուկուէյցի յառաջապահ Էտինսոն Քաւանի կրնայ բացակայիլ Չիլիի դէմ տեղի ունենալիք «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին քառորդ աւարտականէն` նկատի ունենալով, որ անոր հայրը` Լուիս Քաւանի, Ուրուկուէյի մէջ պատճառ դարձած է 19 տարեկան անձի մը մահուան, երբ իր բեռնատար ինքնաշարժով հարուածած է այդ անձին մոթորսիքլեթին: Ուրուկուէյի մարզիչ Օսքար Թապարեզ եւ ազգային խումբին մնացեալ մարզիկները կը զօրակցին Քաւանիի`...

«Էն. Պի. Էյ.» «Օլ-Սթար»-ի Մրցումը 19 Փետրուարին` Շարլոթի Մէջ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ 2017-ի «Օլ-Սթար»-ի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 19 փետրուարին` Շարլոթի մէջ: Վերջին անգամ այս քաղաքը «Օլ-Սթար»-ի մրցումը հիւրընկալած է 1991-ին: Նախքան այս որոշումին տրուիլը, Շարլոթի պատասխանատուները պատրաստ էին վճարելու 27.5 միլիոն ամերիկեան տոլար` տեղւոյն Հոռնեթցի մարզադաշտը վերակառուցելու համար: Նշենք, որ 2016-ի «Օլ-Սթար»-ի մրցումը տեղի պիտի ունենայ Քանատայի Թորոնթօ քաղաքին մէջ, կը յայտնէ...

Աշխարհի Լաւագոյն Տասը Մարզիչները

Լուիս Էնրիքէ Coachworldranking.com կայքը հրապարակեց աշխարհի տասը լաւագոյն մարզիչներուն նոր դասաւորումը: Առաջին դիրքին վրայ կը շարունակէ մնալ Լուիս Էնրիքէ` իր ետին ձգելով Քարլօ Անչելոթթին եւ Ունայ Էմերին: 10-րդ դիրքը կը գրաւէ Արսեն Վենկեր` կէտերու բաւական մեծ տարբերութեամբ ետ մնալով Էնրիքէէն: Ստորեւ` նոր դասաւորումը. ԿԷՏ 1.- Լուիս Էնրիքէ (Պարսելոնա) 17.604 2.- Քարլօ Անչելոթթի (-) 15.680 3.- Ունայ Էմերի (Սեւիլլա) 14.028 4.-...

Ռէյնա Տեղափոխուեցաւ Նափոլի

Պայէրն Միւնիխի սպանացի բերդապահ Փեփէ Ռէյնա ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Նափոլիի հետ, այս գծով տեղեկացուց իտալական ակումբին պաշտօնական կայքը: Իտալական մամուլին համաձայն, 32 տարեկան սպանացին երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր ակումբին հետ: ArmSport.am իր տուած այս լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ Ռէյնա նախապէս 2013-2014 տարեշրջանին արդէն իսկ հանդէս եկած է Նափոլիէն:

Եւրոպական Խաղեր. Պաքու. Նարեկ Աբգարեան Պարտուեցաւ Քառորդ Աւարտականին

Պաքուի մէջ կը շարունակուին եւրոպական խաղերու կռփամարտի մրցումները: 52 քկ դասակարգի մրցումներուն քառորդ աւարտականին Նարեկ Աբգարեան 3 ռաունտերու վրայ երկարած իր ճակատումին 2-1 արդիւնքով պարտուեցաւ Ուիլիամ Թանքոյէն (Սլովաքիա), կը յայտնէ ArmSport.am: Այսպիսով, Աբգարեան չյաջողեցաւ իր պայքարը շարունակել` մետալի մը տիրանալու համար: Նշենք, որ ան 1-8-րդ հանգրուանին 2-1 արդիւնքով յաղթած էր հունգարացի Նանտոր Ցսոկային:  

Page 1215 of 1275 1 … 1,214 1,215 1,216 … 1,275

Արխիւներ