
Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, նախորդ շաբաթավերջին Քֆարզեպիանի մէջ տեղի ունեցաւ «Սփիտ-Թեսթ»-ի արագութեան առաջին մրցումը` մասնակցութեամբ 39 ինքնաշարժներու եւ մեծ թիւով հանդիսատեսներու:
Արհեստավարժներու մրցումի առաջին դիրքը գրաւեց Ապտօ Ֆըղալի, որ արձանագրեց 1’51”49 արդիւնք մը:
Ինչ կը վերաբերի ոչ արհեստավարժներու մրցումին, առաջին դիրքը գրաւեց Շարպել Ղանեմ` արձանագրելով 2’01”98 արդիւնք մը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: