Լիբանանի դրամատուներու ֆութսալի մրցաշարքը այսօր` երեքշաբթի, 23 յունիսին կը հասնի իր աւարտին, երբ երեկոյեան ժամը: 21:00-ին, Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) տեղի կ՛ունենայ աւարտական մրցումը` Պէյրութի եւ «Աուտէ» դրամատուներուն միջեւ:
Նշենք, որ այս մրցաշարքին, որ տեղի ունեցաւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանին մէջ (Մաթհաֆ), իրենց մասնակցութիւնը բերին 16 դրամատուներ:
Նշենք, որ ըստ այս մրցաշարքին օրէնքին, իրենց մասնակցութիւնը չեն կրնար բերել բոլոր այն մարզիկները, որոնք ստորագրած չեն Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին տոմարներուն վրայ եւ մաս չեն կազմեր որեւէ ակումբի:
Աւարտական այս մրցումին պիտի յաջորդէ մրցանակաբաշխութիւնը: