Անգլիոյ ֆութպոլի ամէնէն շատ սպասուած փոխանցումներէն մէկը այնպէս կը թուի, որ ի վերջոյ կատարուեցաւ, որովհետեւ Չելսիի բերդապահ Փիթըր Չեխ իր ակումբը լքելով միացաւ Արսենալի, կը յայտնէ «Տէյլի Մէյլ»:
33 տարեկան բերդապահին համար Արսենալ վճարեց 11 միլիոն փաունտ:
Փիթըր Չեխ, որ 2004-էն ի վեր մաս կը կազմէ Չելսիի եւ միշտ եղած է խումբին հիմնական բերդապահը, նախորդ տարեշրջանին միայն իր դիրքը զիջեցաւ Թիպօ Քուրթուայի:
ArmSport.am կը հաղորդէ, որ Չեխ Արսենալի հետ իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ նոյնինքն Չելսիի դէմ, երբ անոնց միջեւ տեղի ունենայ Անգլիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցումը: