Ճատրակ. Լիբանանի Խմբային Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը
ՀՄԸՄ Անթիլիասի երէկուան մրցումէն Լիբանանի ճատրակի խմբային ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Անթիլիաս կատարեց իր երկրորդ մրցումը` ճակատելով նախկին Խորհրդային միութեան շրջանաւարտներու խումբին դէմ: ՀՄԸՄ Անթիլիաս արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` այս անգամ 4-2 արդիւնքով: Տիգրան Քոթանճեան, Ժիրօ Օգնայեան եւ Րաֆֆի Ճիկերեան յաղթանակ արձանագրեցին, Ռազմիկ Օգնայեան եւ Հրայր Պրունսուզեան` հաւասարութիւններ, մինչ Գէորգ Թերզեան պարտուեցաւ: ՀՄԸՄ Անթիլիասի այսօրուան մրցակիցն է Թանմիէ:



