
«Էն. Պի. Էյ.»-ի խումբերէն Մինեսոթա Վուլվզի նախագահ եւ գլխաւոր մարզիչ Ֆլիփ Սոնտերսի մօտ քաղցկեղ յայտնաբերուած է, կը յայտնէ ակումբին պաշտօնական կայքը:
Ան ներկայիս 8 շաբթուան վրայ երկարող բժշկական յատուկ խնամքի պիտի ենթարկուի:
Կը նշուի, որ Միացեալ Նահանգներու ամէնէն հանրածանօթ մարզիկներէն մէկը նկատուող Սոնտերս մտադիր է իր աշխատանքը շարունակել Մինեսոթայի հետ, երբ ամբողջութեամբ ապաքինի:


