Պարսելոնայի պուլկարացի նախկին ֆութպոլիստ Հրիսթօ Սթոյիչքով իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիչ Լուիս Վան Կաալ կը կործանէ այդ ակումբը:
«Անցեալին, երբ միասին Պարսելոնա էինք, ես երբեք չէի հետեւէր անոր հրահանգներուն: Ան միջակ մասնագէտ մըն է, որ անցեալին կործանեց Պարսելոնան: Իսկ հիմա նոյնը կը կատարէ Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ: Այն ինչ որ Վան Կաալը ըրաւ Վալտեսի հետ, ցոյց տուաւ, թէ ան ինչքա՛ն վատ մարդ է: Յոյսով եմ, որ Փետրոն կը լսէ ինծի եւ չի հեռանար Պարսելոնայէն», ըսաւ Սթոյիչքով:
Նշենք, որ Վան Կաալ 1997-ին նշանակուեցաւ Պարսելոնայի մարզիչ, որմէ ետք քաթալոնական ակումբը ծախեց Սթոյիչքովին: