Համահայկական ամառնային 6-րդ խաղերուն մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 11 օգոստոսին տեղի ունեցած Միսս – Համահայկական ամառնային 6-րդ խաղերուն գեղեցկութեան մրցումին մասնակցեցան աշխարհի տարբեր քաղաքներէն հայրենիք եկած շուրջ երկու տասնեակ գեղեցկուհիներ:
Անոնց ունեցած ելոյթներէն ետք դատական կազմը յայտնեց, որ մրցանակին արժանացաւ Թիֆլիսը ներկայացնող Տիանա Տումանովա, որ ապահովեց 116 կէտ:
Միայն կէտ մը նուազ ապահովելով 2-րդ դիրքը գրաւեց Աղեքսանդրիան ներկայացնող Մերի Յարութիւնեան, մինչ 3-րդ դիրքը 112 կէտով գրաւեց Լոս Անճելըսէն եկած Լիլիթ Արուահի:
Նշենք, որ անոնք պիտի պարգեւատրուին հինգշաբթի, 13 օգոստոսին, Համահայկական ամառնային 6-րդ խաղերուն փակման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին: