Մարզական

Իպրահիմովիչ 10 Օր Եւս Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Շուէտի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչի ապաքինումը կը ձգձգուի: Ինչպէս կը տեղեկացնէ ֆրանսական «Լ՛եքիփ» մարզական օրաթերթը, 33 տարեկան ֆութպոլիստը խումբի վերջին փորձերուն չի մասնակցիր: Աղբիւրին համաձայն, ան ծունկի վնասուածքի պատճառով 10 օր եւս պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն: Նշենք, որ ան վիրաւորուեցաւ Լիոնի դէմ տեղի ունեցած Ֆրանսայի ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին մրցումին:

Սփորթինկի Նախկին Նախագահը Մահացած Գտնուեցաւ Անկոլայի Մէջ

Ժորժ Կոնզալվես` ձախին Փորթուգալեան մամուլը երէկ յայտնեց, որ Սփորթինկ Լիզպոնի նախկին նախագահ Ժորժ Կոնզալվես, որ փորթուգալեան ակումբին հետ աշխատած է 1988-1989 թուականին, մահացած գտնուած է Անկոլայի մայրաքաղաք Լուանտայէն 115 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող ծովափին: Կը նշուի, որ 66 տարեկան գործարարը վերջին ժամանակաշրջանին տնտեսական լուրջ խնդիրներ ունէր եւ բժիշկներուն խորհուրդով պէտք էր տեղափոխուէր հոգեբուժարան: Ոստիկանութիւնը կ՛ենթադրէ, որ ան ինքնասպանութիւն գործած է:

Ճատրակ. Այսօր Կը Սկսի Լիբանանի Ա. Դասակարգի Խմբային Ախոյեանութիւնը

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին եւ մասնակցութեամբ տասը խումբերու, այսօր` չորեքշաբթի, 12 օգոստոսին, Պէյրութի Արաբական համալսարանին մէջ կը սկսի Լիբանանի ճատրակի Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութիւնը: Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ տարեշրջանին ՀՄԸՄ Անթիլիաս հանդիսանալով Բ. դասակարգի ախոյեան, բարձրացաւ իր պատկանած տեղը` Ա. դասակարգ: ՀՄԸՄ Անթիլիասէն բացի, այս ախոյեանութեան կը մասնակցին նաեւ Լիբանանեան բանակը, Ֆրեր -ֆըրն Շըպպեք, Անսար, Մաշարիհ, Թանմիէ, Անդրանիկ, Ռիատի, Ահլի...

Նախարար Ղազարեան Շնորհակալագիրներ Յանձնեց Հայաստանի Պասքեթպոլի 20 Տարեկանէն Վար Հաւաքականի Անդամներուն

Երէկ` երեքշաբթի, 11 օգոստոսին, Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան շնորհակալագիրներ յանձնեց Հայաստանի պասքեթպոլի 20 տարեկանէն վար տղոց հաւաքականի անդամներուն եւ գլխաւոր մարզիչ Արա Պօղոսեանին, որոնք Համահայկական 6-րդ ամառնային խաղերուն կը մասնակցին Մոսկուայի խումբին հետ, կը տեղեկացնէ նախարարութեան պաշտօնական կայքը: Նախարարը նախ շնորհաւորեց խումբը` Համահայկական 6-րդ խաղերուն յաղթանակներ արձանագրելու եւ բաւական դիտարժան խաղ ներկայացնելու համար` նկատի ունենալով այն կէտը,...

Համահայկական Խաղեր. Կիպրոսը Ներկայացնող Մարիա Սոմակեան Տիրացաւ 6 Մետալի. Երեւան Մետալներու Դասաւորման Առաջին Դիրքին Վրայ

Մարիա Եորյիու Սոմակեան Համահայկական խաղերու 9-րդ օրուան մրցումներէն ետք, մետալներու ոչ պաշտօնական հաշիւով, դասաւորման պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ Երեւանի խումբը, որ տիրացած է 89 մետալի (34 ոսկի, 25 արծաթ եւ 30 պրոնզ): 2-րդ դիրքին վրայ կը գտնուի Գիւմրիի խումը` 33 մետալով (11 ոսկի, 10 արծաթ եւ 12 պրոնզ). մինչ եռեակը կ՛ամբողջացնէ Վանաձորը` 17 մետալով (6 ոսկի, 7 արծաթ եւ 4...

Ոչ Եւս Է Շիրակի Գործադիր Տնօրէն Գէորգ Սահակեան

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Շիրակի 34 տարեկան գործադիր տնօրէն Գէորգ Սահակեան, որ ծանր հիւանդ էր, մահացած է: Կայքին խմբագրութիւնը իր ցաւակցութիւնը յայտնեց Գէորգ Սահակեանի հարազատներուն եւ մտերիմներուն:  

ՖԻՖԱ-ն 10,5 Միլիոն Եւրոյի Տուգանքի Ենթարկեց Տիարան

Championat.com կայքը կը հաղորդէ, որ ֆրանսական Մարսէյ ֆութպոլի ակումբին մաս կազմող միջնապահ Լասանա Տիարա ՖԻՖԱ-ին կողմէ 10,5 միլիոն եւրոյի տուգանքի ենթարկուեցաւ` նկատի ունենալով, որ ան Լոքոմ՛ոթիւ Մոսկուայի հետ իր պայմանագրութիւնը վաղաժամ խզեց: Ան այդ գումարը պարտաւոր է վճարել ռուսական ակումբին: Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստը, որ վերջերս պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Մարսէյի հետ, այդ որոշումին դէմ պիտի բողոքէ Լոզանի Մարզական...

Կռփամարտ. Աւագեան, Յովհիկեան Եւ Պաչքով Յաղթանակներ Արձանագրեցին

Պուլկարիոյ Սամոքով քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի կռփամարտի ախոյեանութեան 4-րդ օրը հայ կռփամարտիկները յաղթանակով սկսան իրենց ելոյթները: Մրցասպարէզ դուրս եկած հայ երկու կռփամարտիկներ Արամ Աւագեան (56 քկ) եւ Արման Յովհիկեան (75 քկ) յաղթանակներ արձանագրեցին, կը յայտնէ ArmSport.am: Հայրենի վերոնշեալ մարզիկներէն ետք մրցասպարէզ դուրս գալով Յովհաննէս Պաչքով (64 քկ) իր կարգին յաղթանակ արձանագրեց:

Ռուսական Ֆութպոլ. Ռուսլան Քորեան` Յաղթական Կոլի Հեղինակ

Ռուսիոյ ֆութպոլի առաջին դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Լուչ Էներկիա, որ հիւրը եղաւ Քամազի, 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Ռուսլան Քորեան, կը յայտնէ ArmSport.am: Քորեան, որ մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին, դեղին քարտ մըն ալ ստացաւ: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ Լուչ Էներկիա, ապահովելով 13 կէտ, Սոքոլի հետ միասին կը գլխաւորէ...

Էնրիքէ. «Փետրոյի Ապագան Կը Յստականայ Յառաջիկային»

Պարսելոնայի մարզիչ Լուիս Էնրիքէ յայտարարեց, որ խումբի յառաջապահ Փետրոյի ապագան կը յստականայ յառաջիկային: Ըստ շրջան ընող լուրերուն, վերջերս կը խօսուէր, որ Մանչեսթըր Եունայթըտ անոր փոխանցումը շատ մօտալուտ է: «Անոր ապագան կ՛որոշուի յառաջիկային` նկատի ունենալով, որ այժմ մարզիկներու փոխանցման ժամանակամիջոցը գրեթէ հասած է իր աւարտին», ըսաւ Էնրիքէ: Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանին 28 տարեկան ֆութպոլիստը քաթալոնական ակումբին հետ կատարեց 35 մրցում` նշանակելով...

Ռամոս Տարեկան Պիտի Գանձէ 10 Միլիոն Եւրօ

Սերճիօ Ռամոս «Էլ Մունտօ Տեփորթիւօ» կը հաղորդէ, որ հինգշաբթի, 13 օգոստոսին, Ռէալ Մատրիտի յետսապահ Սերճիօ Ռամոս նոր պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ իր ակումբին հետ: Աղբիւրին համաձայն, նոր պայմանագիրը նախատեսուած պիտի ըլլայ մինչեւ 2020: Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի 29 տարեկան ֆութպոլիստին աշխատավարձը տարեկան պիտի կազմէ 10 միլիոն եւրօ, որուն 1,5 միլիոն եւրօ-ն պիտի ըլլայ յաւելավճարը: Նշենք, որ Ռամոսի գործող պայմանագիրը կ՛աւարտի...

Արտեոմ Սիմոնեան Մասնակցեցաւ Սենթ Կալենի Դէմ Տեղի Ունեցած Մրցումին

Զուիցերիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Ֆ. Ք. Ցիւրիխ, որ հիւրն էր Սենթ Կալենին, 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արտեոմ Սիմոնեան, որ իբրեւ մարզիկ դաշտ ներկայացած էր Ցիւրիխի կազմին հետ, 89-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով: ArmSport.am իր այս լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Ցիւրիխ ապահովելով 5 կէտ բարձրացաւ 4-րդ դիրք:...

Մինչ Զիտան Կը Մերժէ.  Քլոփ Շատ Հաւանաբար Ստանձնէ Մարսէյի Մարզիչի Պաշտօնը

Մինչ Զիտան Կը Մերժէ. Քլոփ Շատ Հաւանաբար Ստանձնէ Մարսէյի Մարզիչի Պաշտօնը

Եիւրկըն Քլոփ Ֆրանսական մամուլին համաձայն, Օլիմփիք Մարսէյի նոր մարզիչը կրնայ ըլլալ Եիւրկըն Քլոփ, որ նախորդ տարեշրջանի աւարտին հեռացաւ Պորուսիա Տորթմունտէն եւ այժմ անգործ է: Ըստ շրջան ընող տարաձայնութիւններուն, Մարսէյի նախագահ Վենսան Լապրուն արդէն իսկ կապ հաստատած է Քլոփի հետ, բայց այդ գծով պաշտօնապէս ոչինչ կը հրապարակուի ֆրանսական ակումբին կողմէ: Կը խօսուի նաեւ քանի մը այլ թեկնածուներու` Վինչենցօ Մոնթելայի, Վալթեր Մացարիի...

Մոնաքօ Երկարաձգեց Պեռնարտօ Սիլվայի Պայմանագրութիւնը

Պաշտօնական յայտարարութեան մը մէջ Մոնաքօ յայտնեց, որ երկարաձգեց փորթուգալցի 21 տարեկան իր միջնապահին` Պեռնարտօ Սիլվայի պայմանագրութիւնը: Այսպիսով, Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող ֆութպոլիստը մինչեւ 2020 պիտի մնայ իշխանապետական կազմին հետ: Նշենք, որ Սիլվա Մոնաքոյի հետ կատարած է 46 մրցում եւ նշանակած 11 կոլ:

Լիբանանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբը Սկսաւ Տեղական Բանակումի Մը

Լիբանանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբը Սկսաւ Տեղական Բանակումի Մը

Երէկ` երկուշաբթի, 10 օգոստոսին, Լիբանանի տղոց ֆութպոլի ազգային խումբը սկսաւ տեղական յատուկ բանակումի մը` պատրաստուելու համար 8 հոկտեմբերին հարաւային Քորէայի դէմ տեղի ունենալիք մրցումներուն (2018-ի Մոնտիալ եւ Ասիա-2019-ի մրցաշարք): Լիբանանի ազգային խումբը, որ հանգրուան հաստատեց «Ռամատա» պանդոկին մէջ (Ռաուշէ), իր փորձերը պիտի կատարէ ամէն օր, մինչեւ շաբաթավերջ, հսկողութեամբ` մարզիչ Միոտրակ Ռատոլովիչի: Ազգային խումբ հրաւիրուած մարզիկներն են` Ահմետ Թաքթուք, Հասան Պիթար,...

Լիբանանի Տղոց Պասքեթպոլի Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Սերպիա

PROFOTO Երէկ` երկուշաբթի, 10 օգոստոսին, Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը մեկնեցաւ Սերպիա` կատարելու համար յատուկ բանակում մը` առ ի պատրաստութիւն 23 սեպտեմբերէն 3 հոկտեմբեր Չինաստանի մէջ տեղի ունենալիք Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան, որուն յաղթականը կ՛ապահովէ Ռիօ տը Ժանէյրոյի (Պրազիլ) ողիմպիականի իր տոմսը: Պատուիրակութիւնը կը բաղկանայ հետեւեալներէն, Ժորժ Քըլզի (նախագահ), Վասելին Մաթիչ (մարզիչ), Մարուան Խալիլ (փոխմարզիչ), Գրիգոր Գրիգորեան (պատասխանատու), Պաշիր Էլիաս (բժիշկ),...

Գերմանական Ֆութպոլ. Մխիթարեան` Կոլի Եւ Կոլի Փոխանցման Հեղինակ

Հենրիխ Մխիթարեան (ձախին) Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին 1-32-րդ հանգրուանի մրցումները: Պորուսիա Տորթմունտ, որ հիւրն էր Շեմնիցըրի, 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց 1-16-րդ հանգրուանին իր տոմսը: Մրցումին 25-րդ վայրկեանին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի կատարած մէկ փոխանցումէն ետք, յառաջապահ Փիեռ - Էմերիք Օպամեյա (Կապոն) գլխու հարուածով մը նշանակեց Տորթմունտի կոլը: 82-րդ վայրկեանին, այս անգամ...

Համահայկական Խաղեր. Կոլֆի Մրցաշարքին Յաղթողները Յստակացան

Երէկ «Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ առաջին անգամ ըլլալով Համահայկական ամառնային խաղերուն ընթացքին տեղի ունեցած կոլֆի մրցումները հասան իրենց աւարտին, երբ յստակացան յաղթողները: Աղջկանց տիտղոսին տիրացաւ Նուշիկ Գէորգեան (Երեւան), մինչ տղոց պարագային առաջին դիրքը գրաւեց Ճիմ Լիլիեն (Նիկոսիա): Նշենք, որ կոլֆի մրցաշարքին մասնակցեցան 21 մասնակիցներ` աշխարհի 11 երկիրներէ: Մասնակցողներուն համար տարիքային սահմանափակում չեղաւ: Ամէնէն փոքրն էր 13 տարեկան, իսկ ամէնէն...

Ըմբշամարտ. Տիգրան Մինասեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Սերպիոյ Սուպոթիքա քաղաքին մէջ աւարտեցաւ Եւրոպայի ըմբշամարտի պատանիներու ախոյեանութիւնը: Բաղդատմամբ ազատ ոճի ըմբիշներուն, Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբիշները յարաբերաբար յաջող ձեւով չմասնակցեցան, կը յայտնէ Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Պատուոյ պատուանդանի երրորդ աստիճանին վրայ կանգնեցաւ 54 քկ դասակարգի մրցումներուն մասնակցած Տիգրան Մինասեան, կը յայտնէ ArmSport.am: Նշենք, որ 25-30 օգոստոսին Պոսնիա - Հերցեկովինայի Սարայեւօ քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ աշխարհի պատանիներու ախոյեանութիւնը:...

Այսօր` Հայաստան – Սլովաքիա Առաջին Մրցումը

Հայաստանի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը, այսօր` երեքշաբթի, 11 օգոստոսին եւ հինգշաբթի, 13 օգոստոսին, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին, ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցում պիտի կատարէ Սլովաքիոյ իր հասակակիցներուն ազգային խումբին դէմ: Մրցումները տեղի պիտի ունենան Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մարզադաշտին վրայ: Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Մարք Լելիեւրը հաւաքական հրաւիրեց 19 ֆութպոլիստներ, որոնց կարգին առաջին անգամ ըլլալով նորվեկիական Ասանէ խումբի միջնապահ...

Page 1197 of 1275 1 … 1,196 1,197 1,198 … 1,275

Արխիւներ