
Լիբանանի ճատրակի խմբային ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Անթիլիաս կատարեց իր երկրորդ մրցումը` ճակատելով նախկին Խորհրդային միութեան շրջանաւարտներու խումբին դէմ:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` այս անգամ 4-2 արդիւնքով:
Տիգրան Քոթանճեան, Ժիրօ Օգնայեան եւ Րաֆֆի Ճիկերեան յաղթանակ արձանագրեցին, Ռազմիկ Օգնայեան եւ Հրայր Պրունսուզեան` հաւասարութիւններ, մինչ Գէորգ Թերզեան պարտուեցաւ:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի այսօրուան մրցակիցն է Թանմիէ: