Մարզական

«Պունտըսլիկա».  Մխիթարեան` Տուպլէի Հեղինակ. Պայէրն Միւնիխ Յաղթեց Բացման Մրցումին

«Պունտըսլիկա». Մխիթարեան` Տուպլէի Հեղինակ. Պայէրն Միւնիխ Յաղթեց Բացման Մրցումին

Հենրիխ Մխիթարեան Պայէրն Միւնիխի յաղթական մարզիկները Նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 2015-2016 տարեշրջանը, երբ տեղի ունեցան Ա. հանգրուանի մրցումները: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի կազմը` Պորուսիա Տորթմունտ, տպաւորիչ ձեւով սկսաւ նոր տարեշրջանը` 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Պորուսիա Մէօնշընկլատպախը: Մխիթարեան անմասն չմնաց այդ կոլերէն, որովհետեւ նշանակեց իր կազմին վերջին երկու կոլերը` 33-րդ եւ 50-րդ վայրկեաններուն: Ան փոխանցումը...

Եուրի Ճորքայեֆ Պիտի Այցելէ Հայաստան

Եուրի Ճորքայեֆ Հոկտեմբերին Հայաստան պիտի այցելէ անցեալի հանրածանօթ ֆութպոլիստ Եուրի Ճորքայեֆ: 1998-ին Ֆրանսայի հետ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած հայազգի ֆութպոլիստին Հայաստան այցելութեան նպատակն է Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք կէս-մարաթոնին ներկայ ըլլալը, կը յայտնէ ArmSport.am: Մամուլին կատարուած յայտարարութեան մը մէջ Ճորքայեֆ ըսաւ. «Շատ ուրախ եմ, որ Ռոպերթ Էմմիեան այսպիսի նախաձեռնութեամբ մը հանդէս կու գայ եւ Երեւանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը կազմակերպէ...

Անգլիական Ֆութպոլ. Արսենալի Առաջին Յաղթանակը. Մանչեսթըր Սիթի – Չելսի` 3-0

Վենսան Քոմփանի Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, Մանչեսթըր Եունայթըտ արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` դարձեալ նուազագոյն հաշիւով, այս անգամ պարտութեան մատնելով Ասթոն Վիլան` շնորհիւ Ատնան Ժանուզաժի նշանակած որբ կոլին (29-րդ): Արսենալ արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը` 2-1 արդիւնքով յաղթական վերադառնալով Քրիսթալ Փալասի դաշտէն: Օլիվիէ Կիրու (16-րդ) եւ Տամիեն Տելանիյ (55-րդ` սխալմամբ...

Ղազախական Ֆութպոլ. Արտեոմ Խաչատուրով` Կոլի Հեղինակ

Արտեոմ Խաչատուրով Ղազախստանի ֆութպոլի առաջին դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Փայքանուր 3-2 արդիւնքով յաղթեց Քիզիլ Ժարի: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Արտեոմ Խաչատուրով, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի թեկնածու է, Ա. կիսախաղին կորսուած վայրկեաններուն նշանակեց Քիզիլ Ժարի կոլը: Իր կազմին կրած այս պարտութենէն ետք Խաչատուրովի խումբը` Քիզիլ Ժար, 28 կէտով մնաց 4-րդ դիրքին վրայ, կը յայտնէ ArmSport.am:

Միջազգային Ֆութպոլ. 10 Կոլ` Ա. Էս. Ռոմա – Սեւիլլա Մրցումին

Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Ա. Էս. Ռոմա, 6-4 արդիւնքով յաղթեց Սեւիլլային: Յատկանշական եղաւ այն, որ մինչեւ մրցումին 70-րդ վայրկեանը, իտալական կազմը կը գերազանցէր իր մրցակիցը` 6-0 արդիւնքով: Ա. Էս. Ռոմայի նորեկ մարզիկ Էտին Ծեքօ նշանակեց 2 կոլ (4-րդ եւ 42-րդ):

Սպանիոյ Գերբաժակի Մրցաշարք. Այսօր` Պարսելոնա – Աթլեթիքօ Պիլպաօ Դարձի Մրցումը

Երթի մրցումէն Ուրբաթ, 14 օգոստոսին տեղի ունեցաւ Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի աւարտականի երթի մրցումը, որուն ընթացքին Աթլեթիքօ Պիլպաօ 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Պարսելոնան, աւելի քան 53 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան: Երկու կազմերուն միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր, «Քամփ Նու»-ի մէջ: Մրցումը պիտի սկսի քիչ մը ուշ, ժամը 23:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Տիտղոսին տիրանալու համար Սպանիոյ ախոյեանը` Պարսելոնա,...

Ուքրանական Ֆութպոլ. Գեղամ Ղադիմեան Կերտեց Օլիմփիքի Առաջին Յաղթանակը

Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին, Օլիմփիք Տոնեցք 1-0 արդիւնքով յաղթեց Օլեքսանտրիային: Այս ախոյեանութեան Օլիմփիքի առաջին յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ հայ յառաջապահ Գեղամ Ղադիմեան, որ իր կոլը նշանակեց 36-րդ վայրկեանին` դաշտ ներկայանալով 90 վայրկեան: Իր արձանագրած այս առաջին յաղթանակէն ետք, այժմ Օլիմփիք 4 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 11-րդ դիրքը:  

Քաղցկեղի Դէմ Երկու Տարի Շարունակ Իր Մղած Պայքարէն Ետք. Ուրուկուէյցի Ֆութպոլիստը Վերսկսաւ Իր Մրցումներուն

Սեպասթիան Արիոսա Ուրուկուէյեան Օլիմփիայի նախկին ֆութպոլիստ Սեպասթիան Արիոսա յունիս 2013-ին յայտարարած էր ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտելու իր մտադրութեան մասին: Պատճառը` յայտնաբերուած քաղցկեղն էր: «Մարքա» լուրը հաղորդելով կը տեղեկացնէ, որ այդ հիւանդութեան ի յայտ գալէն ետք ան շուրջ 2 տարի բուժումի ենթարկուեցաւ: Երէկ ArmSport.am յայտնեց, որ 30 տարեկան Արիոսա յաղթահարեց հիւանդութիւնը եւ վերադարձաւ ֆութպոլի դաշտ: Ան նախորդ շաբաթավերջին իր մասնակցութիւնը...

Ֆրանսական Ֆութպոլ. Մարսէյի 2-րդ Պարտութիւնը

Կայել Անտոնեան Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Օլիմփիք Մարսէյ, որ հիւրն էր Ռեմի, կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը` 1-0 արդիւնքով: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Համանի Թրաորէ (14-րդ), մինչ Մարսէյէն` Ժաք Ռոմաօ կարմիր քարտ մը ստացաւ (74-րդ): Մարսէյի մաս կազմող եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Կայել Անտոնեան, թէեւ պահեստի մարզիկներուն նստարաններուն վրայ նստած էր, սակայն դաշտ...

Համահայկական 6-րդ Ամառնային Խաղերը Պաշտօնապէս Փակուեցան

Համահայկական 6-րդ Ամառնային Խաղերը Պաշտօնապէս Փակուեցան

Հինգշաբթի, 13 ՛օգոստոսին ուշ գիշերին, Համահայկական 6-րդ ամառնային խաղերը պաշտօնապէս փակուեցան: Յովիկ Աբրահամեան Այս առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ ըսաւ. «Սրտանց կը շնորհաւորեմ բոլորս, Համահայկական 6-րդ ամառնային խաղերը բարձր մակարդակով կազմակերպելու եւ կայացնելու առիթով: Նախորդ 11 օրերուն ընթացքին մայրաքաղաք Երեւանը դարձած էր ամբողջ հայութեան եւ հայ մարզիկներուն իւրայատուկ հաւաքատեղին: Դուք կարելիութիւն ունեցաք ձեռք ձգելու...

ՀՄԸՄ-ի Համահայկական Մրցավազք` Արժանթինի Մէջ

Արժանթինի մէջ յառաջիկայ աշնան տեղի պիտի ունենայ «Հաւասարութեան եւ յիշողութեան» հայկական 6-րդ մրցավազքը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, կը յայտնէ «Արմէնփրես»: «Հաւասարութեան եւ յիշողութեան» 10 քմ երկարութիւն ունեցող այս մրցավազքը տեղի պիտի ունենայ 4 հոկտեմբերին` Պուէնոս Այրեսի Փալերմօ արուարձանին մէջ: 10 քմ վազքէն բացի, պիտի կազմակերպուի նաեւ 3 քմ եւ 1 քմ վազք: Վերջինս երեխաներու յատկացուած է: Արձանագրութիւնները արդէն իսկ...

Ճատրակ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Արձանագրեց Իր Երրորդ Յաղթանակը

Երէկուան մրցումէն Լիբանանի ճատրակի խմբային ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երէկ ՀՄԸՄ Անթիլիաս արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը` այս անգամ 3,5-2,5 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Թանմիան: Այսօր` շաբաթ, ՀՄԸՄ կը մրցի Ռիատիի դէմ:

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Այսօր` Պորուսիա Տորթմունտ – Մէօնշընկլատպախ. Վաղը` Մանչեսթըր Սիթի – Չելսի

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Պորուսիա Տորթմունտ – Մէօնշընկլատպախ. Վաղը` Մանչեսթըր Սիթի – Չելսի

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, բաւական հետաքրքրական պիտի ըլլան Պորուսիա Տորթմունտ - Մէօնշընկլատպախ, Մանչեսթըր Սիթի - Չելսի եւ այլ ճակատումներ: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով). ԱՆԳԼԻԱ. 2-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ Սաութհեմփթըն - Էվըրթըն 14:45 Սանտըրլենտ - Նորուիչ 17:00 Սուանզի - Նիւքասըլ 17:00 Թոթենհամ - Սթոք 17:00 Ուաթֆորտ - Ուեսթ Պրոմուիչ 17:00 Ուեսթ Համ -...

Եուրա Մովսիսեանի Ֆութպոլի Կօշիկները Բարեգործական Աճուրդի Հանուեցան

Ռուսական պարբերաթերթ մը կը շարունակէ բարեգործական նպատակի համար գաղափարներ իրականացնել` Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ գործակցաբար, «ՍՕՍ Թոմիլինօ մանկական գիւղ»-ին մէջ երեխաներու համար ֆութպոլի մարզադաշտ մը կառուցելու համար: Արդէն իսկ շարք մը ֆութպոլի աստղերու կողմէ արժէքաւոր նուէրներ եւ ֆութպոլի կօշիկներ աճուրդի հանուած են: Աճուրդի հանուած է նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Սպարտակ Մոսկուայի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեանի ֆութպոլի կօշիկը, որ շատ...

Հաճիի 16 Տարեկան Որդին` Ռումանիոյ Պատմութեան Ամէնէն Երիտասարդ Խմբապետը

Վիթորուլայի միջնապահ Եանիս Հաճի, որ ռումանական ֆութպոլի անցեալի աստղ Ճիորճի Հաճիի որդին է (16 տարեկան, 9 ամիս եւ 33 օր), նշանակուեցաւ խումբին խմբապետը: Այսպիսով, ան հանդիսացաւ Ռումանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան պատմութեան ամէնէն երիտասարդ խմբապետը: Նախապէս ան դարձած էր Ռումանիոյ բարձրագոյն դասակարգին մէջ, իր նորամուտը նշած ամէնէն երիտասարդ ֆութպոլիստը (16 տարեկան եւ 1 ամիս), կը շարունակէ ArmSport.am: Նշենք, որ Վիթորուլայի մարզիչն է...

Փարմայի Տիտղոսները Աճուրդի Հանուեցան

«Ֆութպոլ-Իթալիա» կը հաղորդէ, որ Փարմա իր շահած բոլոր տիտղոսները հանած է աճուրդի: Այս տարի ակումբը սնանկացած հռչակուեցաւ: Խումբը նոր սեփականատէր մը չգտաւ, հետեւաբար տեղափոխուեցաւ ոչ արհեստավարժ լիկա, ուր հանդէս կու գայ «Փարմա Քալչօ 1913» անունին տակ: Ասիկա կը նշանակէ, որ անոր տիրացած տիտղոսները պիտի ծախուին աճուրդի ընթացքին: Անիկա ունի հետեւեալ տիտղոսներուն կրկնօրինակները. Իտալիոյ բաժակ (3 հատ), «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի...

Ռաուլ Խիմենեզ Աթլեթիքոյէն Տեղափոխուեցաւ Պենֆիքա

Պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ Պենֆիքա յայտնեց, որ իր կազմին միացուց Աթլեթիքօ Մատրիտի յառաջապահ Ռաուլ Խիմենեզը: Յաջող քննութիւններէ ետք, 24 տարեկան ֆութպոլիստը 5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց փորթուգալեան ակումբին հետ: Նշենք, որ ան նախորդ տարեշրջանին մեքսիքական Ամերիքա ակումբէն տեղափոխուած էր մատրիտեան կազմ: Պենֆիքայի նորեկը Մեքսիքայի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ միջազգային 35 մրցումի ընթացքին նշանակած է 8 կոլ, կ՛եզրափակէ TotalFootball.am:  

Թենիս. 10 Հազար Էյսի Ցուցանիշը Յաղթահարեց Երկրորդ Մարզիկ Մըն Ալ

Թենիսի աշխարհի ընդհանուր դասաւորման մէջ 23-րդ դիրքը գրաւող Իվօ Քարլովիչ, Մոնրէալի մէջ (Քանատա) տեղի ունեցող «Մասթըրզ-1000» թենիսի միջազգային մրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, 7-6 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթեց Միլոշ Ռաոնիչին: Այս մրցումին խրուաթ մարզիկը 10 անպատասխան հարուած հասցնելով գերազանցեց իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 10 հազար էյսի ցուցանիշը, կը յայտնէ tenngrand.com: Այժմ 36 տարեկան Քարլովիչի հաշիւին վրայ արձանագրուած է 10,004...

Եթէ Անգլիա Ձախողի «Եուրօ-2016»-ի. Հոճսըն Պիտի Կորսնցնէ Իր Պաշտօնը

Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր պայմանագրութիւնը պիտի չերկարաձգէ ազգային խումբի մարզիչ Ռոյ Ռոճսընի հետ, եթէ խումբը չյաջողի ապահովել «Եուրօ-2016»-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտականներու իր տոմսը: Ներկայիս Անգլիա 68 տարեկան իր մարզիչին հետ «Եուրօ-2016»-ի զտումի մրցաշարքին իր կատարած բոլոր մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրած է: «Ան իսկապէս լաւ մարզիչ մըն է: Սակայն եթէ ան ձախողի, չենք կրնար իրեն հետ շարունակել մեր ճամբան», նշուեցաւ...

Զիտանի Զաւակը` Էնցօ, Ռէալ Մատրիտի Քաթիլիայի Խմբապետ

Ֆրանսացի անուանի նախկին ֆութպոլիստ Զինետին Զիտան, որ երկրորդ տարեշրջանն ըլլալով կը մարզէ Ռէալ Մատրիտի Քաթիլիան, յայտարարեց, որ նոր տարեշրջանին խումբին խմբապետը պիտի ըլլայ իր 20 տարեկան որդին` Էնցօ: Էնցօ նախորդ տարեշրջանին մաս կը կազմէր Ռէալ Մատրիտ Գ.-ին:  

Page 1195 of 1275 1 … 1,194 1,195 1,196 … 1,275

Արխիւներ