Երէկ աւարտեցաւ Համահայկական ամառնային 6-րդ խաղերուն պասքեթպոլի մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ տղոց աւարտական մրցումը:
Աւարտական այս մրցումին Սոչիի խումբը, բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրելով Մոսկուայի դէմ, տիրացաւ տիտղոսին:
Սոչի իր յաղթանակը արձանագրեց 85-52 արդիւնքով (25-14, 27-11, 21-14 եւ 12-13):
Նշենք, որ Համահայկական խաղերուն փակման արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ այսօր հինգշաբթի, 13 օգոստոսին, Ազատութեան հրապարակին վրայ: