Երեքշաբթի, 18 օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, «Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ (Տըպպայէ) պասքեթպոլի մարզիչ Ֆուատ Ժըրժես պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի յայտարարէ 30 օգոստոսէն 6 սեպտեմբեր տեղի ունենալիք «Սթեփ Ըհետ-2015»-ի ամառնային պասքեթպոլի 2-րդ մրցաշարքին մասին:
Նշենք, որ այս մրցաշարքը, որ տեղի պիտի ունենայ Ղազիրի դաշտին վրայ, կը վայելէ «Քոնթինենթըլ ինֆորմէյշըն էնտ թելեքոմ կրուփ»-ի հովանաւորութիւնը եւ տեղի պիտի ունենայ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին: