Ա. Սէ. Միլանի փոխնախագահ Ատրիանօ Կալիանի ըսաւ, որ յառաջիկային ակումբը նոր մարզիկներ պիտի չմիացնէ կազմին:
«Կը կարծեմ, որ մեր փոխանցումներուն ցանկը աւարտեցինք, սակայն պէտք է սպասել մինչեւ օգոստոս ամսուան վերջին օրը, եթէ մետասաներորդ պահուն մարզիկ մը անակնկալօրէն յանկարծ յայտնուի մեր դիմաց», ընդգծեց Կալիանի:
Նշենք, որ ակումբին վերջին փոխանցումը եղաւ յետսապահ Ալեզիօ Ռոմանիոլ, որ փոխան 25 միլիոն եւրոյի, Ա. Էս. Ռոմայէն միացաւ Միլանի:
Նշենք, որ այս ամառ Ա. Սէ. Միլան մարզիկներու փոխանցման համար ծախսեց 87 միլիոն եւրօ: