Սպանացի հանրածանօթ թենիս խաղացող Ռաֆայէլ Նատալ մտադիր չէ յառաջիկայ տարիներուն ընթացքին աւարտել թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
Իր յայտարարութեան մէջ 29 տարեկան Նատալ կ՛ըսէ. «Բնականաբար, ինծի համար թենիս խաղալու այդքան ալ երկար ժամանակ չէ մնացած, սակայն ցարդ չեմ պատրաստուիր աւարտելու ասպարէզս: Ամէն ճիգ ի գործ կը դնեմ կազմուածքս պահելու եւ երբեք չեմ յուսահատիր, նոյնիսկ եթէ յառաջիկային 100 մրցումի ընթացքին պարտուիմ»:
Նշենք, որ Նատալ իր ասպարէզին ընթացքին տիրացած է 14 կրան շլեմի տիտղոսներու: