Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ 9 օգոստոսին տեղի ունեցած Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան Ուլիս – Շիրակ մրցումին իրաւարարը` Արթուր Սաֆարեան, 3 մրցումով որակազրկուեցաւ անարդար փենալթի մը տուած ըլլալուն համար:
Հակառակ անոր որ Ուլիս ակումբին կողմէ բողոք չներկայացուեցաւ 85-րդ վայրկեանին տրուած այդ փենալթիին համար, սակայն ֆետերասիոնի իրաւարարներու կոմիտէն, դիտելէ ետք այդ մրցումին տեսանիւթը, այդ կախակայումը որոշեց: