
Լոնտոնեան Ուեսթ Համ ֆութպոլի ակումբը, իր կազմին միացնելու համար Մանչեսթըր Եունայթըտի մեքսիքացի յառաջապահ Խաւիէ «Չիքարիթօ» Հեռնանտեսը, պատրաստ է վճարելու 12 միլիոն փաունտ, կը յայտնէ «Տէյլի Մէյլ»:
Յառաջիկայ օրերուն ընթացքին «Փրեմիեր լիկ»-ին մասնակցող Ուեսթ Համ 27 տարեկան ֆութպոլիստը ձեռք ձգելու համար պաշտօնական առաջարկ պիտի ներկայացնէ:
Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանին Չիքարիթօ փոխ տրուած էր Ռէալ Մատրիտի:


