Նախորդ շաբաթավերջին «Լա լիկա»-ի 13-րդ հանգրուանին Էյպարի դէմ Ռէալ Մատրիտի արձանագրած յաղթանակը եղաւ յիշատակելի դէպք մը փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի համար` նկատի ունենալով, որ ան նշանակեց իր կազմին կոլերէն մէկը` փենալթիով:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Մարքա»-ն, ան իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առիթը ունեցաւ բազմիցս ցնցելու մրցակիցին բերդը:
Ընդհանուր առմամբ, 30 տարեկան ֆութպոլիստը այդ 100 փենալթիներէն կոլի վերածեց 86-ը:
Ան այս տարեշրջանին, 13 մրցումի ընթացքին նշանակած է 9 կոլ: