Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով, Նոթրը Տամ-Ֆրեր Ֆըրն Շըպպեքի վարժարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ ճատրակի միօրեայ մրցաշարք մը, վաղը` կիրակի, 29 նոյեմբերին:
Մրցաշարքը, որ պիտի սկսի ժամը 11:00-ին, կ՛ակնկալուի, որ աւարտի ժամը 17:00-ին, կը յայտնէ կազմակերպիչ վարժարանը:
Տեղի պիտի ունենան տարիքային մրցումներ` 8-էն 18 տարեկան երկսեռ մասնակցողներու միջեւ:
Արձանագրութեան կամ յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար պէտք է կապ հաստատել` հեռաձայնելով 03-883225 թիւին: