Մարզական

Կռփամարտ. Ալեն Դանիէլեան Տիրացաւ Պրոնզ Մետալին

Եւրոպայի կռփամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան Հայաստանը ներկայացնող Ալեն Դանիէլեան, որ հասած էր կիսաւարտական (49 քկ), երէկ պարտութիւն մը կրելով Ռուսլան Ռուսթամովէն (Ազրպէյճան), տիրացաւ պրոնզ մետալին, յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնը:

Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Անկախութեան Նուիրուած Բաժակի Մրցաշարք.  Սահակեան Եւ Շալհուպ` Տիտղոսակիր

Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Անկախութեան Նուիրուած Բաժակի Մրցաշարք. Սահակեան Եւ Շալհուպ` Տիտղոսակիր

Մարիանա Սահակեան Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցաւ փինկ փոնկի մրցաշարք մը` նուիրուած Լիբանանի Անկախութեան տօնին: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին դասուած մարզիկները: Աղջկանց տիտղոսին տիրացաւ Մարիանա Սահակեան (Նատուա Քամաթիէ), որ աւարտականին բաւական հետաքրքրական մրցումէ մը ետք 3-2 արդիւնքով (6-11, 14-12, 14-16, 11-8 եւ 11-6) յաղթեց իր խմբակիցին` Մալաք Խուրիի եւ բնականաբար...

Կռփամարտ. Վահէ Բադալեան Եւ Ալեն Դանիէլեան Հասան Կիսաւարտական

Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի կռփամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստանի վերջին երկու ներկայացուցիչները` Ալեն Դանիէլեան (49 քկ) եւ Վահէ Բադալեան (52 քկ), տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելով հասան կիսաւարտական հանգրուան եւ ապահովեցին առնուազն պրոնզ մետալներ: Անոնք երկուքն ալ քառորդ աւարտականին յաղթեցին իրենց թուրք մրցակիցներուն, յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Կիսաւարտականին Դանիէլեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Ազրպէյճանը ներկայացնող Ռուսլան Ռուսթամով, մինչ Բադալեանի մրցակիցը`...

«Եուրոփա Լիկ». Տորթմունտ Կրեց Մրցաշարքի Իր Առաջին Պարտութիւնը

Հենրիխ Մխիթարեան` երէկուան մրցումին «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Գ. խմբակին մէջ տեղի ունեցաւ Քրասնոտար - Պորուսիա Տորթմունտ մրցումը: Անիկա աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Քրասնոտարի յաղթանակով (1-0): Մրցումին միակ կոլը 2-րդ վայրկեանին փենալթիով նշանակեց Փաւել Մամայեւ` այսպիսով պատճառ դառնալով, որ Տորթմունտ կրէ այս մրցաշարքի իր առաջին պարտութիւնը: Թէեւ Տորթմունտ նահանջեց 2-րդ դիրք, սակայն անոնք երկուքն ալ արդէն իսկ ապահոված...

Նազիկ Աւդալեան. «Բնականաբար Գոհ Չեմ Ելոյթէս»

Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականի անդամ, աշխարհի եւ Եւրոպայի նախկին ախոյեան Նազիկ Աւդալեան իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, թէ գոհ չէ մնացած աշխարհի ախոյեանութեան ընթացքին իր արձանագրած ելոյթէն: «Բնականաբար գոհ չեմ ելոյթէս, եթէ բաղդատեմ նախկին ելոյթներուս հետ: Ճիշդ է, որ մրցագորգ դուրս չէի եկած 6 տարիէ ի վեր, բայց ես ինձմէ աւելին կ՛ակնկալէի: Ֆիզիքապէս լաւ կը զգայի եւ մէջքիս վնասուածքը զիս...

«Էն. Պի. Էյ.». Յաղթանակէ Զուրկ Սիքսըրզի Ձախողութիւնը Կը Շարունակուի. Տարեշրջանի 16-րդ Պարտութիւնը` Սելթիքսէն

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուեցան 12 ճակատումներ: Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ, որ Պոսթընի մէջ հիւրն էր Սելթիքսի, դարձեալ չկրցաւ արձանագրել տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը` այս անգամ պարտուելով 84-80 արդիւնքով: Նշենք, որ Սիքսըրզ այսպիսով կրեց իր 16-րդ յաջորդական պարտութիւնը: Սիքսըրզի ճիշդ հակապատկերը ունի ցարդ անպարտելի Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ արձանագրած է 16 յաղթանակ: Երէկուան մրցումներուն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց...

«Չեմփիընզ Լիկ». 9 Դեկտեմբերին Կը Յստականան Վերջին 7 Խումբերուն Անունները

Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին տեղի ունեցած «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ կատարուած մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, 9-ի բարձրացաւ յաջորդ հանգրուանին իրենց տոմսերը ապահոված խումբերուն թիւը: Անոնց թիւը պիտի բարձրանայ 16-ի, երբ 8-9 դեկտեմբերին տեղի ունենան վերջին մրցումները` խմբակներու դրութեամբ կատարուող այս մրցաշարքին ընթացքին: Այդ 9 խումբերն են` Ռէալ Մատրիտ, Փարիզ Սեն Ժերմեն, Աթլեթիքօ Մատրիտ, Պենֆիքա, Եուվենթուս, Մանչեսթըր Սիթի,...

Հայկական Ֆութպոլ. Բանանց Եւ Ալաշկերտ Հասան Կիսաւարտական

Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, թէեւ Բանանց իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Բանանցէն, սակայն ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը` նկատի ունենալով, որ երթին 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր: Իր կարգին, Ալաշկերտ ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը, երբ Երեւանի հանրապետական մարզադաշտին վրայ 4-0 արդիւնքով յաղթեց Արարատին: Երթին եւս Ալաշկերտ յաղթանակ մը արձանագրած էր (1-0):

«Չեմփիընզ Լիկ». Տի Մարիա` Պատմութեան 7000-րդ Կոլին Հեղինակը

Նախանցեալ օր «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին պատմութեան մէջ նշանակուեցաւ 7000-րդ կոլը, այդ ալ շնորհիւ Փարիզ Սեն Ժերմենի ֆութպոլիստ Անխել Տի Մարիայի, երբ ան Մալմոյի դէմ կատարուած մրցումին (5-0) նշանակեց իր կազմին 2-րդ կոլը` 14-րդ վայրկեանին: Նշենք, որ երբ կ՛ըսուի մրցաշարքին պատմութեան 7000-րդ կոլը, անոր մէջ նկատի չեն առնուած զտումի մրցաշարքին ընթացքին նշանակուած կոլերը:

Պասքեթպոլ. Հանրի Շալհուպի Առաջին Մրցաշարք.  ՀՄԸՄ-ի Մրցակիցները` Պիպլոս Եւ Լուէյզի

Պասքեթպոլ. Հանրի Շալհուպի Առաջին Մրցաշարք. ՀՄԸՄ-ի Մրցակիցները` Պիպլոս Եւ Լուէյզի

PROFOTO PROFOTO Երէկ կէսօրին «Տունիա» ճաշարանին մէջ (Սոտիքօ) տեղի ունեցաւ Հանրի Շալհուպի յիշատակին նուիրուած տղոց պասքեթպոլի առաջին մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ Շիահի մարզահամալիրին մէջ, 28 նոյեմբերէն 5 դեկտեմբեր: Մրցաշարքին կը մասնակցին եօթը խումբեր, բաժնուած` երկու խմբակի, հետեւեալ ձեւով. Ա. խմբակ.- Պիպլոս, ՀՄԸՄ եւ Լուէյզի Բ. խմբակ.- Սաժես, Թատամոն, Հուփս եւ Շանվիլ Տեղի ունեցած այս վիճակաձգութեան ներկայ էին Լիբանանի...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Ճատրակի Մրցաշարք` Նուիրուած Լիբանանի Անկախութեան Տօնին

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը 50 տարիներէ ի վեր կը շարունակէ իր առաքելութիւնը` միջդպրոցական մարզախաղերով իրարու մօտեցնել հայ ազգի զաւակները եւ անոնց մէջ զարգացնել բարձր մարզական ոգին: Այս նպատակով ալ, ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ-ը Լիբանանի Անկախութեան տօնին նուիրուած ճատրակի մրցում կազմակերպած էր կիրակի, 22 նոյեմբեր 2015-ին, յետմիջօրէի ժամը 13:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 19:00, «Աղբալեան ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.  Հաղորդագրութիւն

ՀՄԸՄ- ԼԵՎԱՄ. Կիրակի, 29 Նոյեմբերին` Մինի Պասքեթպոլի Մրցաշարքը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը կազմակերպած է մինի պասքեթպոլի մրցաշարք մը, յաջորդաբար 5-րդ անգամ ըլլալով, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ- մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կիրակի, 29 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն 17:00: Մրցումին կրնան մասնակցիլ 2004 / 2005-ի ծնունդ աշակերտ-աշակերտուհիները: Ստորեւ կը ներկայացնենք մրցաշարքին յայտագիրը. ԱՂՋԻԿՆԵՐ ԺԱՄ Ե. ՄԱՆ. - Ս. ՔԱՌ. ՄԱՆԿԱՆՑ 9:00 ՃԵՄԱՐԱՆ - Ս. ԽԱՆԱՄԻՐԵԱՆ 9:30...

ՖԱՖ-ի Երթը Ընթացաւ` Ոստիկանութեան Հետ Բախումներով

Հայաստանի ֆութպոլի համակիրներու Առաջին հայկական ճակատ (ՖԱՖ) խմբաւորումը իր երկրորդ երթը կատարեց դէպի Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղին: Համակիրներուն բազմութիւնը Արամ Խաչատուրեանի արձանին մօտէն Վանկարկումներով ուղղուեցաւ դէպի Խանճեան փողոց, ուր կը գտնուի Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղին: Անոնք բռնած էին պաստառ մը, որուն վրայ գրուած էր. «Քու ժամանակդ եկած է»: ՖԱՖ-ի անդամները փորձեցին այդ պաստառը զետեղել ֆետերասիոնին շէնքին վրայ, բայց ոստիկանները արգելք...

«Եուրոփա-Լիկ». Այսօր` Քրասնոտար – Պորուսիա Տորթմունտ

«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ, Գ. խմբակին մաս կազմող Պորուսիա Տորթմունտ այսօր հիւրը պիտի ըլլայ Քրասնոտարի: Այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 18:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Յաղթանակ մը արձանագրելու պարագային, Պորուսիա Տորթմունտ պիտի ապահովէ յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը: Յիշեցնենք, որ Տորթմունտէն ելոյթ կ՛ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան: Ստորեւ Գ. խմբակին դասաւորումը` այսօր տեղի...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները, հրապարակեց այս շաբաթավերջին կատարուելիք մրցումներուն յայտագիրը (տեսնել` ստորեւ): Բաղդատմամբ նախորդ շաբթուան, այս շաբաթ կախակայուած մարզիկներուն թիւը քիչ էր, մանաւանդ որ անոնք մէկական մրցումով միայն կախակայուեցան` իրենց երրորդ դեղին քարտը ստացած ըլլալնուն համար: Ստորեւ կու տանք այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը. Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 6-ՐԴ...

Գագիկ Ծառուկեան Մասնակցեցաւ Ողիմպիական Կոմիտէներու Գլխաւոր Համագումարին

20-21 նոյեմբերին Փրակայի մէջ (Չեխիա) տեղի ունեցաւ Եւրոպական ողիմպիական կոմիտէներու 44-րդ համագումարը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 50 երկիրներու պատուիրակութիւններ, որոնց կարգին` Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի: Այդ երկու օրերուն ընթացքին քննարկուեցան տարուան մը աշխատանքները, անդրադարձ կատարուեցաւ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած եւրոպական առաջին խաղերուն, ինչպէս նաեւ եւրոպական տարբեր մակարդակի խաղերու կայացման գծով տեղի ունեցան քուէարկութիւններ: Որոշուեցաւ,...

«Չեմփիընզ Լիկ». 6 Խումբեր Ապահովեցին Յաջորդ Հանգրուանի Իրենց Տոմսերը

Երէկ գիշեր տեղի ունեցած «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ կատարուած մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, 6 խումբեր ապահովեցին յաջորդ հանգրուանի իրենց տոմսերը: Անոնք են` Ռէալ Մատրիտ, Փարիզ Սեն Ժերմեն, Աթլեթիքօ Մատրիտ, Պենֆիքա, Եուվենթուս եւ Մանչեսթըր Սիթի: Նշենք, որ բոլոր խումբերն ալ ցարդ մէկական մրցում ունին կատարելիք: Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները. Ա. ԽՄԲԱԿ   Մալմօ - Փարիզ Սեն Ժերմեն 0-5 Շախտիոր...

Պենիթես. «Իմ Եւ Ռոնալտոյի Միջեւ Տարակարծութիւններ Չկան»

Ռէալ Մատրիտի մարզիչ Ռաֆայէլ Պենիթես իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուող այն տարաձայնութիւնները, թէ իր եւ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի միջեւ տարակարծութիւն կայ: «Մենք հիանալի կազմ ունինք, որուն շնորհիւ 14 շաբաթ առանց պարտութեան կը խաղայինք, իսկ վիճակագրութիւնը գոհացուցիչ էր: Մենք թէեւ պարտուեցանք Պարսելոնայէն, սակայն պէտք է մոռնանք այդ պարտութիւնը եւ վերադառնանք այն բարձր մակարդակին, զոր ունէինք տարեշրջանին սկզբնաւորութեան: «Կու...

Հեծելարշաւ. Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Նուիրուած Մրցումով Աւարտեցաւ 2015-ի Յայտագիրը

Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը կիրակի, 22 նոյեմբերին աւարտեց 2015-ի իր յայտագիրը, երբ կազմակերպեց Լիբանանի անկախութեան նուիրուած հեծելարշաւի մրցում մը` Մարինայի շրջանին մէջ (Տըպպայէ)` մասնակցութեամբ 74 երկսեռ հեծելանւորդներու: Աղջկանց տիտղոսակիր հանդիսացաւ Սթեֆանի Մոմճեան, որ արձանագրեց 37 վայրկեան եւ մէկ վայրկեանով գերազանցեց իր ետին գտնուող Ֆարահ Հըլուանին: Գլխաւոր մրցումը եղաւ իւրայատուկ` նկատի ունենալով, որ անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Սաֆա Եւ Թատամոն Սուր` Ցարդ Անպարտելի

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի ֆութպոլի Ա. (5-րդ հանգրուան) եւ Բ. (6-րդ հանգրուան) դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները: Սաֆա, որ ցարդ անպարտելի է, ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը, 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Նեպի Շիթի: Իր կարգին` Թատամոն Սուր (Բ. դասակարգ), որ ցարդ անպարտելի է, արձանագրեց իր 6-րդ յաջորդական յաղթանակը եւ ապահովեց առաւելագոյն 18 կէտը` 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ախա Ահլի Ալէյի: Նշենք, որ...

Page 1160 of 1276 1 … 1,159 1,160 1,161 … 1,276

Արխիւներ