ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած «մինի-պասքեթպոլ»-ի մրցումները տեղի ունեցան կիրակի, 29 նոյեմբեր 2015-ին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 97 աշակերտ-աշակերտուհիներ` Համազգայինի Մել. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան, Հայ կաթողիկէ Անարատ Յղութեան Ս. Հռիփսիմեանց, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ – Հարպոյեան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան, Ազգային Ս. Խանամիրեան եւ Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարաններէն:
Առաւօտեան օդերեւութական աննպաստ պայմանները երբեք պատճառ չեղան, որ աշակերտները կանուխ չգան, որպէսզի մարզական լաւ ու տաք մթնոլորտի մէջ իրենց ժամանակը անցընեն` մրցելով իրարու դէմ եւ իրենց անունները արձանագրեն 2015-2016 տարեշրջանի ԼԵՎԱՄ-ի «մինի-պասքեթպոլ»-ի մրցաշարքի տոմարներուն վրայ:
Աշակերտներուն կողքին կային նաեւ ծնողներ, մարզական պատասխանատուներ, մարզիչներ: Ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութենէն Հրայր Խաչատուրեան, Սեւակ Աբրահամեան եւ Քրիստ Լիպարեան:
Վարժարանները մրցեցան 2 հանգրուաններէ բաղկացած յայտագիրով` աղջիկները առաւօտեան ժամը 9:00-էն 12:30, իսկ տղաքը 13:00-էն 17:00: Մրցանակաբաշխութիւն կատարուեցաւ իւրաքանչիւր հանգրուանի աւարտին:
ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄ-Ի
ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ