Մակեդոնիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Վարտար իր դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Ռենովայի:
Մրցումին 47-րդ վայրկեանին հաշիւը բացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արտակ Դաշեան, որ 77-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը: Անոր խմբակից Յովհաննէս Համբարձումեան կախակայուած ըլլալուն պատճառով բացակայեցաւ այս մրցումէն:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Վարտար 39 կէտով առանձնացաւ պարագլուխի դիրքին վրայ, կը յայտնէ ArmSport.am: