Միացեալ Նահանգներու Հիուսթըն քաղաքին մէջ աւարտած ծանրաբարձութեան աշխարհի ախոյեանութեան ընթացքին Հայաստանի ազգային հաւաքականը գրաւեց 16-րդ դիրքը:
Հայ մարզիկներէն լաւագոյն արդիւնքը ցուցադրեցին 77 քկ դասակարգին մէջ Անդրանիկ Կարապետեանն ու գերծանր դասակարգին մէջ Գոռ Մինասեանը, որոնք երկամարտի մէջ գրաւեցին չորրորդ դիրքը եւ նաեւ նուաճեցին մէկական փոքր պրոնզ մետալ: Պատանեկան Ողիմպիական խաղերու ախոյեան Սիմոն Մարտիրոսեան նոյնպէս պրոնզէ մետալակիր դարձաւ պոկում վարժութեան մէջ իսկ երկամարտի մէջ` 5-րդն էր:
Վանիկ Աւետիսեան (69 քկ) գրաւեց 12-րդ դիրքը, գերծանր դասակարգին մէջ Ռուբէն Ալեքսանեան 8-րդն էր:
Կիներու պայքարին մէջ Աննա Գովելեան (53 քկ) գրաւեց 28-րդ դիրքը, Իզապելլա Եայլեան (58 քկ)` 15-րդ, Նազիկ Աւտալեան (69 քկ)` 14-րդ, Սոնա Պօղոսեան (75 քկ)` 21-րդ, իսկ գերծանր դասակարգին մէջ Հռիփսիմէ Խուրշուտեան գրաւեց 14-րդ դիրքըը:
Ծանրաբարձութեան աշխարհի ախոյեանութիւնը ողիմպիական վարկանշային մրցաշարք է: