Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 24-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Արմաւիրի Թորփետոն նուազագոյն հաշուով յաղթեց Վոլքա Նովկորոտին:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց հայ միջնապահ Արտակ Ալեքսանեան` 48-րդ վայրկեանին:
Նշենք, որ իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Թորփետօ ապահովեց տարեշրջանի իր 16-րդ կէտը: