Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ո՞Վ Է Թագաւոր

Նոյեմբեր 30, 2015
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

m.r.n._112915

Վերջին քանի մը տարիներուն ֆութպոլի համակիրներուն միջեւ ընդհանուր հասկացողութիւն մը կայ, որ Ռոնալտօ եւ Մեսսի աշխարհի ամէնէն լաւ ֆութպոլիստներն են:

Անշուշտ կարելի է վիճիլ, որ երկուքէն ո՛վ լաւագոյնն է, սակայն ոչ ոք կրնայ ուրանալ, որ այս երկուքը մնացեալներէն քանի մը գլուխ բարձր են:

Այս տպաւորութիւնը նաեւ առարկայական է: Տարեկան «Ոսկիէ գնդակ»-ին Մեսսի արժանացած է 2009-ին, 2010-ին, 2011-ին եւ 2012-ին Ռոնալտօ 2008-ին, 2013-ին եւ 2014-ին: Իսկ 2007-ին Քաքայի յանձնուելէ ետք, ոչ ոք նուաճած է մրցանակը:

Այժմ հաւանաբար ժամանակն է վերատեսութեան ենթարկելու այն համոզումը, որ ոչ ոք կրնայ մօտենալ Մեսսիի եւ Ռոնալտոյի մակարդակին:

Նոր փայլող տաղանդ մը այժմ նոյն մակարդակը կը ցուցադրէ:

Ան Նէյմարն է:

Քանի մը շաբաթ առաջ, Պարսելոնա Վիարէալ մրցումին, երբ խաղը կ՛ընթանար 2-0 արդիւնքով ի նպաստ դաշտի տէրերուն, Նէյմարի եւ Սուարեզի կոլերով, Պարսելոնայի համակիրները յանկարծ սկսան շատ ծանօթ կանչը. «Մեսսի՜, Մեսսի՜, Մեսսի՜»` յիշեցնելով մրցումէն բացակայ վիրաւոր յառաջապահին, որ ան չէ մոռցուած:

Երբ համակիրները կը շարունակէին կանչը, Սուարեզ ձախ եզրէն յառաջացաւ եւ ճշգրիտ փոխանցում մը կատարեց Նէյմարի, որ կը գտնուէր քառակուսիէն դուրս:

Այն, ինչ որ ըրաւ Նէյմար, բնաւ պիտի չմոռնան բոլոր անոնք, որոնք բախտը ունեցան ականատես ըլլալու կախարդանքին, որուն մասին Պրազիլի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի մարզիչ Տունկա ըսաւ. «Այնպիսի բան մըն էր, որուն շնորհիւ ֆութպոլը գեղեցիկ խաղ կ՛ըլլայ»:

Նէյմար` կռնակը բերդին, իր փորովը հակակշռեց գնդակը, ապա անմիջապէս գլխուն վրայէն ետեւ նետեց խոյս տալով իրեն հսկող մրցակից կազմի յետսապահէն, 180 աստիճան շրջադարձ ըրաւ եւ գնդակը գետին չդպած հարուածեց դէպի բերդ` նշանակելով այնպիսի բացառիկ կոլ մը, որուն ի տես դաշտը գտնուող 70 հազար համակիրները իրենց նախկին կանչը պատշաճեցուցին` «Նէյմա՜ր, Նէյմա՜ր, Նէյմա՜ր»-ի:

Նոյն կանչը` տարբեր անունով:

Եւ թէեւ Նէյմար բացայայտօրէն այս ձեւով չուզեց ըսել, բայց այդ կոլին պահը խորհրդանշական էր. Նէյմար կարծես աշխարհին պատգամ մը կը յղէր.

– Մոռցէ՛ք Մեսսին, ես եմ հիմա թագաւորը:

 

 

Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ.». Ախոյեանի 17-րդ Անընդմէջ Յաղթանակը

Յաջորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներու Արդիւնքներ

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Պարժա
Մարզական

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Պարժա

Յուլիս 12, 2025
ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում.  Հայաստան 105-րդ Դիրքի Վրայ
Մարզական

ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում. Հայաստան 105-րդ Դիրքի Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Եւրոպական Բաժակներ.  Հայկական Խումբերու Ելոյթները` Զտումի Մրցումներուն
Մարզական

Եւրոպական Բաժակներ. Հայկական Խումբերու Ելոյթները` Զտումի Մրցումներուն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?