
Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Բ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրելով 11-4 արդիւնքով (կիսախաղ` 6-1) պարտութեան մատնեց Ֆըրզոլը:
Սակայն Ա. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պէյրութ 7-2 արդիւնքով պարտուեցաւ Ղըպէյրիէն: