Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան քանի մը օր առաջ մարզական լրագրողներուն հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին:
«Կը նախատեսենք յառաջիկայ տարուան մարտին ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը կատարել Երեւանի մէջ: Մինչ այդ, սակայն, կը փորձենք լուծել գլխաւոր մարզիչի հարցը: Ֆութպոլիստներուն հետ անպայման զրոյց կ՛ունենանք` պարզելու, թէ ի՞նչ քայլեր պէտք է առնել` այդ իրավիճակէն դուրս գալու համար:
«Ես անձամբ համաձայն եմ, որ հաւաքականին մէջ թափանցիկ մթնոլորտ տիրէ: 2-3 տարի առաջ հաւաքականը մէկ ընտանիք էր: Այժմ սակայն կ՛երեւի, որ պառակտուած է:
«Կողմ եմ նաեւ, որ ֆութպոլիստներ ազատ կապեր ունենան լրագրողներուն հետ: Ատիկա սկսաւ նախկին մարզիչ Շալանտի օրերուն:
«Վերջապէս կ՛ուզեմ ըսել, որ բոլորիս գլխաւոր եւ առաջնահերթ նպատակը պէտք է ըլլայ հաւաքականին մթնոլորտը վերականգնել եւ այդ մէկը` շատ արագ միջոցին», յայտարարեց նախագահ Հայրապետեան: