Մարզական

«Լոնտոն Չես Քլասիք». Արոնեանի 5-րդ Հաւասարութիւնը

Անգլիոյ մայրաքաղաքին մէջ ընթացող ճատրակի միջազգային մրցաշարքի (Լոնտոն չես քլասիք) 5-րդ հանգրուանին, Հայաստանի հաւաքականի յառաջատար Լեւոն Արոնեան- աշխարհի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն մրցումը հաւասար աւարտեցաւ: Ասիկա Արոնեանի 5-րդ անընդմէջ հաւասարութիւնն էր: Այս հանգրուանէն ետք, Արոնեան 2.5 կէտով կը գտնուի 7-րդ դիրքի վրայ: Այսօր Արոնեան պիտի մրցի Վեսելին Թոփալովի հետ:  

Հայ Դահուկորդներ` Սքանտինաւիոյ Բաժակի Մրցաշարքին

Հայ դահուկորդները կը մասնակցին Ֆինլանտայի մէջ տեղի ունենալիք` Սքանտինաւիոյ բաժակի մրցաշարքին, որ կը նկատուի միջազգային ֆետերասիոնի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցող  շրջանային կարեւոր մրցաշարք մը: Հայաստան այս տարի կը մասնակցի երեք մարզիկով` Սերկէյ Միքայէլեան, Միքայէլ Միքայէլեան եւ Մարիամ Միքայէլեան: Ազգային հաւաքականը կը գլխաւորէ Արթուր Միքայէլեան: Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 11-13 դեկտեմբերին: Սքանտինաւիոյ բաժակի մրցաշարքին Հայաստան կը մասնակցի  արդէն երրորդ անգամ ըլլալով:

«Չեմփիընզ Լիկ»-ի Մրցումներուն Արդիւնքները

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները եւ խումբերու դասաւորումը: Ե. ԽՄԲԱԿ Պայէր Լեւերքուզըն - Պարսելոնա  1-1 Ա. Էս. Ռոմա - ՊԱԹԷ Պորիսով 0-0 ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ      ԿԷՏ Պարսելոնա 14 Ա. Էս. Ռոմա 6 Պայէր Լեւերքուզըն 6 ՊԱԹԷ Պորիսով 5 Զ. ԽՄԲԱԿ Տինամօ Զաղրեպ - Պայէրն Միւնիխ 0-2 Օլիմփիաքոս - Արսենալ 0-3 ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ          ԿԷՏ Պայէրն Միւնիխ 15 Արսենալ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Կոլտըն Սթէյթ Յաղթարշաւը Կը Շարունակէ

«Էն. Պի. Էյ.» Կոլտըն Սթէյթ Յաղթարշաւը Կը Շարունակէ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն Կոլտըն Սթէյթի անընդմէջ (23-րդ)  յաղթանակը շարունակուեցաւ նոր մրցանիշով եւ այս անգամ`  Ինտիանայի դէմ: Ամերիկացի Լեպրըն Ճէյմսի արձանագրած 33 կէտերը օգնեցին փոխախոյեան Քլիվլենտին, որ իր խաղավայրին վրայ  պարտութեան մատնէ Փորթլենտը: Ստորեւ` մրցումներուն արդիւնքները. Քլիվլենտ - Փորթլենտ 105-100 Ինտիանա - Կոլտըն Սթէյթ 123-131 Պրուքլին - Հիւսթըն 110-105 Մեմֆիս - Օքլահոմա 88-125 Տենվըր - Օրլանտօ Մեճիք 74-85...

Բռնցքամարտ. Ֆիւրի Զրկուեցաւ Ախոյեանի Տիտղոսէն

Բրիտանացի արհեստավարժ  բռնցքամարտիկ Թայսոն Ֆիւրի զրկուեցաւ ուքրանացի Վլատիմիր Քլիչքոյի դէմ  տարած յաղթանակին շնորհիւ նուաճած ախոյեանական չորս գօտիներէն` IBF վարկածով տիտղոսէն: Գերծանր դասակարգին մէջ մրցող Ֆիւրի մերժեց  մենամարտիլ IBF ախոյեանական գօտիի պարտադիր յաւակնորդ, ուքրանացի Վիաչեսլաւ Կլազքովի հետ: Մանչեսթըրցի բռնցքամարտիկը WBA, WBO, IBO ախոյեանական տիտղոսներու համար պարտադիր փոխվրէժի մենամարտը կը կայացնէ Վլատիմիր Քլիչքոյի հետ 2016-ին:  

Անճելոթի. «Բոլորը Կը Սպասեն Կուարտիոլայի Որոշումին»

Ռէալ Մատրիտի  նախկին մարզիչ իտալացի Քարլօ Անճելոթի մեկնաբանեց այն լուրերը, թէ յառաջիկայ ֆութպոլային եղանակին գերմանական Պայէրն Միւնիխ խումբին մարզիչ պիտի նշանակուի: «Երբ քեզ կը կապեն Պայէրն Միւնիխի նման ակումբի հետ, ատիկա շատ կը խթանէ: Բոլորը կը սպասեն Կուարտիոլայի որոշումին: Ես շատ կը  հաւնիմ Անգլիոյ ախոյեանութիւնը, բայց կ՛ուզէի  գլխաւորել ուժեղ խումբ մը», ըսաւ Անճելոթի: Պայէրն Միւնիխ խումբի մարզիչ Կուարտիոլայի ապագան գերմանական...

Ռոնալտօ. «Փիքէ Կը Նախանձի Ռէալին»

«Պարսելոնայի յետսապահ Ժերար Փիքէի վերաբերմունքը արժանի չէ մեկնաբանութեան», ըսաւ Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Ք. Ռոնալտօ: Լրագրողները խնդրեցին Ռոնալտոյէն մեկնաբանել «Թուիթըր»-ի մէջ Փիքէի գրածը` Սպանիոյ բաժակի մրցաշարքէն Ռէալը հեռացնելու որոշումէն ետք: Փիքէ ծիծաղի նշաններ դրած էր: «Ժերար Փիքէ կը նախանձի Ռէալին: Բայց այդ ամէնը արժանի չէ մեկնաբանութեան: Ես չեմ կրնար ձրի Պիքէի քարոզչութիւնը ընել: Այլեւս չեմ ուզեր խօսիլ այս նիւթին մասին: Կան...

Աբրահամ. «Ամէն Յաղթանակէ Ետք Ինծի Անհրաժեշտ Է Հոգեկան Յաղթանակ, Որ Կը Ստանամ Հայաստանի Մէջ»

Երէկ տեղի ունեցաւ բռնցքամարտի գերմիջին ծանրութեան WBO վարկածով աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամի մամլոյ ասուլիսը, որուն ընթացքին ան ըսաւ. «Ուրախ եմ, որ Հայաստանի մէջ եմ: Ամէն յաղթանակէ ետք ինծի անհրաժեշտ է հոգեկան յաղթանակ, որ կը ստանամ Հայաստանի մէջ»: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ո՞վ պիտի ըլլայ իր յաջորդ մրցակիցը, Արթուր Աբրահամ ըսաւ. «Յաջորդ մրցակիցս յայտնի է: Ան մեքսիքացի է: Տակաւին յայտնի չէ, ...

ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Անդրանիկ Պէյրութ Պասքեթպոլի Բարեկամական Մրցում` Ի Յիշատակ Սարգիս Մկրտիչեանի

ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Անդրանիկ Պէյրութ Պասքեթպոլի Բարեկամական Մրցում` Ի Յիշատակ Սարգիս Մկրտիչեանի

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Անթիլիասի պասքեթպոլի յանձնախումբին, կիրակի, 6 դեկտեմբերին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ պասքեթպոլի բարեկամական մրցում մը ՀՄԸՄ Անթիլիասի եւ Անդրանիկ Պէյրութի աղջկանց խումբերուն միջեւ` ի յիշատակ Սարգիս Մկրտիչեանի: Մրցումը, որուն ներկայ էին մեծ թիւով համակիրներ, աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով` 72-52 արդիւնքով: Անոր ներկայ գտնուեցան Սարգիս Մկրտիչեանի ընտանիքը, Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Յակոբ Խաչերեան,...

«Չեմփիընզ Լիկ»- Կոլերու Փառատօն

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները եւ խումբերու դասաւորումը: Ա. ԽՄԲԱԿ Փարիզ Սեն Ժերմեն - Շախտիոր Տոնեցք   2-0 Ռէալ Մատրիտ - Մալմօ   8-0 ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ  ԿԷՏ   Ռէալ Մատրիտ 16   Փարիզ Սեն Ժերմեն 13   Շախտիոր Տոնեցք 3   Մալմօ 3   Բ. ԽՄԲԱԿ ՓՍՎ Այնտհովըն - Մոսկուայի Բանակայիններ   2-1 Վոլֆսպուրկ -...

Ըմբշամարտի Աշխարհի Ախոյեանութեան Մէջ Հայաստանը Կը Ներկայացնէ «Տինամօ» Ակումբը

Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ տեղի պիտի ունենայ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի ակմբային ախոյեանութիւնը, ուր Հայաստան կը ներկայանայ «Տինամօ» ակումբով: Հայ ըմբիշները Թեհրան պիտի մեկնին հետեւեալ կազմով` Նարեկ Խաչատրեան (59 քկ), Յովհաննէս Վարդերեսեան (66 քկ), Արմէն Յակոբեան (71 քկ), Ռուբէն Ղարիպեան (75 քկ), Գեղամ Թորգոմեան (80 քկ), Արգիշտի Աբգարեան (85 քկ), Վահէ Սիմոնեան (98 քկ) եւ Վաչիկ Եղիազարեան (130 քկ): Թեհրանի...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Պիպլոս – ՀՄԸՄ` 87-80

Երէկուան Պիպլոս - ՀՄԸՄ մրցումէն Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) տեղի ունեցաւ Պիպլոս - ՀՄԸՄ մրցումը: Դաշտին թրիպիւնները գրեթէ ամբողջութեամբ լեցուցած ՀՄԸՄ-ի համակիրները մրցումին ազդանշանէն մինչեւ անոր աւարտը քաջալերեցին իրենց կազմը` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ: Թէեւ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները բացառիկ մրցում մը կատարեցին եւ իրենց տպաւորիչ ներկայացումով եղան տիրական ներկայութիւն մը,...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Փինկ Փոնկի Մրցումներուն Մասնակցեցան 107 Երկսեռ Աշակերտներ

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին եւ աջակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի փինկ փոնկի յանձնախումբին, կիրակի, 6 դեկտեմբեր, 2015-ին լիբանանահայ վարժարաններու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ ԼԵՎԱՄ-ի փինկ փոնկի մրցաշարքը, ուր սուր մրցակցութիւն ցուցաբերեցին բոլոր մասնակցող աշակերտները: Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 24 աշակերտուհիներ եւ 83 աշակերտներ, որոնք ներկայացուցին Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան, Եղիշէ Մանուկեան, Լ. Եւ Ս. Յակոբեան, Ս. Խաչ - Հարպոյեան, Շամլեան-Թաթիկեան,...

Մարմնամարզութիւն.  Քրիս Պարսումեան Տիրացաւ 3 Ոսկի Եւ 2 Արծաթ Մետալի

Մարմնամարզութիւն. Քրիս Պարսումեան Տիրացաւ 3 Ոսկի Եւ 2 Արծաթ Մետալի

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Ուահտէ Ռիատիէ մարզահամալիրին մէջ (Պիր Հասան) տեղի ունեցան Լիբանանի մարմնամարզութեան ախոյեանութեան մրցումները` տղոց 5-րդ եւ 6-րդ դասակարգերուն մէջ: 2006-2007 տարեկան դասակարգի մրցումներուն, բաւական տպաւորիչ եւ սքանչելի արդիւնք արձանագրելով, լիբանանահայութեան անունը բարձր պահեց Քրիս Պարսումեան, երբ տիրացաւ 3 ոսկի եւ 2 արծաթ մետալի` մարմնամարզութեան տարբեր տեսակի մարզաձեւերուն մէջ, եւ հանդիսացաւ Լիբանանի բացարձակ ախոյեան: Նշենք, որ...

Քոնկ Ֆու-Ուու Շու. Սատաքա – Այնճար Հանդիսացաւ Երկրորդ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին, վերջերս տեղի ունեցաւ Լիբանանի Անկախութեան տօնին նուիրուած թաու լուի մրցաշարքը, Անթունիէ (Պաապտա) ակումբին դաշտերուն վրայ: Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին «ԱՊՊԱ» - Պուրճ Համուտ, Անթունիէ Պաապտա, Սատաքա - Այնճար, Պել Հորիզոն - Ատմա եւ Սանթրալ Ժունիէ: 117 կէտ ապահովելով առաջին հանդիսացաւ Անթունիէ Պաապտա, մինչ անոր ետին յաջորդաբար, երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Սատաքա -...

«Չեմփիընզ Լիկ» . Վերջին Պայքար` Փլէյ-Օֆի Տոմս Մը Ապահովող Խումբերուն Համար

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ, այսօր եւ վաղը կը կատարուին 8-ական ճակատումներ, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ կը յստականան այն 16 խումբերը, որոնք պիտի անցնին յաջորդ հանգրուան: Ինչպէս ծանօթ է, յաջորդ հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ նաք-աութի դրութեամբ: Այսօրուան մրցումներուն գծով հետաքրքրական պիտի ըլլայ Մանչեսթըր Սիթի - Մէօնշընկլատպախ մրցումը, մինչ վաղը` Պայէր Լեւերքուզըն - Պարսելոնա ճակատումը:...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Դասաւորման Պատկերը` 8-րդ Հանգրուանէն Ետք. Թատամոն Սուր` Ցարդ Անպարտելի

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Դասաւորման Պատկերը` 8-րդ Հանգրուանէն Ետք. Թատամոն Սուր` Ցարդ Անպարտելի

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումները: Թատամոն Սուր, որ ցարդ անպարտելի է, արձանագրեց իր 8-րդ յաջորդական յաղթանակը` ապահովելով իր 24-րդ կէտը: Ստորեւ` դասաւորման պատկերը. Յ. Հ. Պ. ՆՇ. ՍՏ. ԿԷՏ 1.- Թատամոն Սուր 8 0 0 31 3 24 2.- Ախա Ահլի Ալէյ 6 0 2 14 7 18 3.- Իսլահ...

Արթուր Աբրահամին Շնորհուեցաւ «Պերլինի Ախոյեան – 2015»-ի Մրցանակը

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ հայ արհեստավարժ կռփամարտիկ, WBO-ի վարկածով գերմիջին կարգի աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամին շնորհուեցաւ «Պերլինի ախոյեան-2015»-ի մրցանակը: Նշենք, որ այս յայտարարութիւնը հրապարակեց Աբրահամի մամլոյ քարտուղար Սիրան Գրիգորեան:

Փարիզ Սեն Ժերմեն Պատրաստ Է Ծախելու Քաւանին` Փոխան 44,4 Միլիոն Եւրոյի

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն ակումբի պատասխանատուները անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտին յայտնած են, որ պատրաստ են ծախելու իրենց ակումբին մաս կազմող ուրուկուէյցի յառաջապահ Էտինսոն Քաւանին, այս մասին կը յայտնէ ֆրանսական «Լ՛Էքիփ» մարզական օրաթերթը: Ֆրանսայի ախոյեանը իր 28 տարեկան ֆութպոլիստին համար կը պահանջէ 44,4 միլիոն եւրօ: Փարիզցիներուն հետ ֆութպոլիստին գործող պայմանագիրը կ՛աւարտի 2018-ի ամրան: Նշենք, որ Քաւանի 2013-ին Նափոլիէն տեղափոխուեցաւ Փարիզ Սեն Ժերմեն:

Նշմար.  «Բակը Ծուռ Է, Կովը Կաթ Չի Տար»

Նշմար. «Բակը Ծուռ Է, Կովը Կաթ Չի Տար»

ԹՈՐԳՈՄ Ֆութպոլի խումբերու մարզիչներ ձախողութեան պարագային իբրեւ թէ կը թուեն արդարացուցիչ պատճառներ, կամ Յակոբ Պարոնեանի խօսքով` «նրբացուցիչ դէպք յանցանաց»-ներ: Սակայն երբեմն անհեթեթութիւն եւ ծիծաղ կը ստեղծուի: Արդէն երրորդ ամիսն է, Մանչեսթըր Եունայթըտ կոլի «երաշտ» ունի: Անգլիոյ ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի Ուեսթ Համի դէմ մրցումը կրկին աւարտեցաւ հաւասար` առանց կոլի: Ընդհանրապէս հոկտեմբերէն ի վեր Մանչեսթըր Եունայթըտ 12 խաղի մէջ միայն 10 կոլ...

Page 1156 of 1276 1 … 1,155 1,156 1,157 … 1,276

Արխիւներ