Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. «Բակը Ծուռ Է, Կովը Կաթ Չի Տար»

December 7, 2015
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹՈՐԳՈՄ

Ֆութպոլի խումբերու մարզիչներ ձախողութեան պարագային իբրեւ թէ կը թուեն արդարացուցիչ պատճառներ, կամ Յակոբ Պարոնեանի խօսքով` «նրբացուցիչ դէպք յանցանաց»-ներ: Սակայն երբեմն անհեթեթութիւն եւ ծիծաղ կը ստեղծուի:

Արդէն երրորդ ամիսն է, Մանչեսթըր Եունայթըտ կոլի «երաշտ» ունի: Անգլիոյ ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի Ուեսթ Համի դէմ մրցումը կրկին աւարտեցաւ հաւասար` առանց կոլի: Ընդհանրապէս հոկտեմբերէն ի վեր Մանչեսթըր Եունայթըտ 12 խաղի մէջ միայն 10 կոլ նշանակած է: Շաբաթ օրուան մրցումէն ետք, մարզիչ Վան Կալ ըսաւ.

Վան Կալ
Վան Կալ

– Եթէ Սուարեսը եւ Ակուերոն ունենայինք, կոլ կը նշանակէինք: (Նոյն տրամաբանութեամբ կարելի է ըսել. «Եթէ հրթիռ ըլլայինք, լուսին կը հասնէինք…»):

Սպանիոյ ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանին, Վալենսիա կասեցուց Պարսելոնայի յաղթանակներու արշաւը` մէկ հաւասար արդիւնք մը արձանագրելով: Մրցումէն ետք Պարսելոնայի մարզիչ Էնրիքէ ըսաւ.

enrike_120615
Էնրիքէ

– Նման բարդ մարզադաշտին մէջ կայացած խաղէն ետք, իմ խումբս քննադատելու պատճառ չկայ: Մենք մեծ առաւելութիւն ունէինք: Ոչ մէկ դժուարութիւն ունէինք: Բայց այսօր ֆութպոլը մեզ չվարձատրեց:

Իտալիոյ Ինթեր Միլան խումբի մարզիչ Ռոպերթօ Մանչինի կարծիք յայտնեց Պայերն Միւնիխի մարզիչ Կուարտիոլայի աշխատանքին մասին:

manchini_120615
Մանչինի

– Ան յաջողութեամբ կը կատարէ իր աշխատանքը, անոր ոճը կը համապատասխանէ այնպիսի խումբերու, ինչպիսիք են Պարսելոնան եւ Պայերն Միւնիխը: Բայց ես կ՛ուզէի տեսնել, թէ ան ինչպէ՞ս կ՛աշխատի մրցաշարքի դասաւորման միջնամասին վրայ գտնուող խումբի մը հետ:

Անգլիոյ ախոյեան Չելսիի անկումը շարունակուեցաւ: Ռուս միլիառատիրոջ ակումբը, որուն մարզիչը ինքնիրեն սիրահարուած Մորինիոն է, շաբաթ օր հիւրընկալեց դասաւորման վերջին դիրքերուն վրայ գտնուող Պորնմութը եւ… պարտուեցաւ (0-1): Մրցումէն ետք Մորինիօ լրագրողներուն ըսաւ.

morinio_120615
Մորինիօ

– Պորնմութ կը խաղար ոճով մը, որ ոմանք կ՛անուանեն խելացի, իսկ ուրիշներ` ոչ արդար խաղարկութիւն. անոնք չէին աճապարեր, բժիշկ կը կանչէին, ջուր կը խմէին, կարծես` պասքեթպոլի խաղի կարճ ընդմիջման ժամանակ: Մենք արժանի չէինք պարտութեան: Մրցակիցը կրցաւ կոլ նշանակել: Այդ պահուն իրաւարարի ակներեւ սխալ կար: Նաեւ` մեզի փենալթի մը զլացաւ:

Գիտէք չէ՞. նոր հարսը ղրկեր են, որպէսզի կովը կթէ: Հարսը գացեր է եւ չէ կրցած կթել: Վերադառնալով ըսեր է.

– Բակը ծուռ է, կովը կաթ չի տար:

 

 

Նախորդը

Պասքեթպոլի Բաժակի Քառորդ Աւարտական. Այսօր` ՀՄԸՄ – Պիպլոս

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Էմ. Էմ. Էյ.  Ագիթ Համադեան Կարեւոր  Յաղթանակ Արձանագրեց
Մարզական

Էմ. Էմ. Էյ. Ագիթ Համադեան Կարեւոր Յաղթանակ Արձանագրեց

March 9, 2026
Բռնցքամարտ.  Տիգրան Մաթեւոսեան 2 Մրցում Յաղթեց Եւ Դարձաւ Ախոյեան
Մարզական

Բռնցքամարտ. Տիգրան Մաթեւոսեան 2 Մրցում Յաղթեց Եւ Դարձաւ Ախոյեան

March 9, 2026
Բռնցքամարտ.  Պատերազմը Խափանեց Հայաստանի Ազգային Խումբի Ծրագիրները
Մարզական

Բռնցքամարտ. Պատերազմը Խափանեց Հայաստանի Ազգային Խումբի Ծրագիրները

March 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.