
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) տեղի ունեցաւ Պիպլոս – ՀՄԸՄ մրցումը:
Դաշտին թրիպիւնները գրեթէ ամբողջութեամբ լեցուցած ՀՄԸՄ-ի համակիրները մրցումին ազդանշանէն մինչեւ անոր աւարտը քաջալերեցին իրենց կազմը` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ:
Թէեւ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները բացառիկ մրցում մը կատարեցին եւ իրենց տպաւորիչ ներկայացումով եղան տիրական ներկայութիւն մը, սակայն դժբախտաբար 87-80 արդիւնքով (21-17, 37-32, 59-55 եւ 87-80) պարտութիւն մը կրելով դուրս մնացին մրցաշարքէն:
Նշենք, որ այս տարեշրջանին առաջին անգամ ըլլալով ՀՄԸՄ-ի հետ դաշտ ներկայացաւ Ռիատի Պէյրութի նախկին մարզիկ Ահմետ Իպրահիմ:
Երէկուան այս մրցուին ՀՄԸՄ-ի մարզիկները դաշտ ներկայացան հետեւեալ ձեւով (փակագիծերուն մէջ` անոնց դաշտ ներկայացած ժամանակը եւ նշանակած կէտերը).
Նետիմ Սուէյտ (23′ 27″, 11 կէտ, 3 ռիպաունտ), Ճասթին Թապզ (40′ 00″, 26 կէտ, 3 ռիպաունտ), Ահմետ Իպրահիմ (29′ 32″, 18 կէտ), Սեւակ Քեթենճեան (15′ 22″, 1 կէտ, 5 ռիպաունտ), Պիլալ Թապպարա (11′ 38″, 2 կէտ, 4 ռիպաունտ), Պատիհ Սուէյտ (14′ 44″, 4 ռիպաունտ), Տուէյն Ճեքսըն (38′ 59″, 14 կէտ, 3 ռիպաունտ) եւ Օկոսթեն Օքոսուն (26′ 15″, 8 կէտ, 9 ռիպաունտ):
Պիպլոսէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ճէյ Եանկպլատ (37′ 13″, 33 կէտ, 11 ռիպաունտ), ապա` Սթիւըն Պըրթ (34′ 37″, 26 կէտ, 4 ռիպաունտ):
Օրուան իրաւարարներն էին Ռապիհ Մասրի, Ժորժ Սաատ եւ Քլոտ Ժըպրայել:
Ինչ կը վերաբերի այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն, առաջին մրցումը` Սաժեսի եւ Թատամոնի միջեւ, պիտի չկատարուի, որովհետեւ Թատամոն քաշուեցաւ մրցաշարքէն` պատճառաբանելով, որ իր կազմին մէջ ունի բազմաթիւ վիրաւորներ:
Այսօր երեկոյեան ժամը 20:45-ին իրարու դէմ յանդիման կու գան Մութթահետ եւ Լիբանանեան բանակը: