Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Անթիլիասի պասքեթպոլի յանձնախումբին, կիրակի, 6 դեկտեմբերին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ պասքեթպոլի բարեկամական մրցում մը ՀՄԸՄ Անթիլիասի եւ Անդրանիկ Պէյրութի աղջկանց խումբերուն միջեւ` ի յիշատակ Սարգիս Մկրտիչեանի:
Մրցումը, որուն ներկայ էին մեծ թիւով համակիրներ, աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով` 72-52 արդիւնքով:
Անոր ներկայ գտնուեցան Սարգիս Մկրտիչեանի ընտանիքը, Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Յակոբ Խաչերեան, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր Խաչատուրեան, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մէջ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Ճորճ Սապունճեան, ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի վարչութեան փոխատենապետ Դրօ Մանտալեան, Անդրանիկ Պէյրութի ատենապետ Վիգէն Չերչեան, Հուփսի նախագահ Ժասեմ Քանսօ, Շեպիպեթ Շիահ ակումբի նախագահ` Ֆատի Թապեթ եւ երկու կազմերուն համակիրները:
Նախքան մրցումին ազդանշանը տրուիլը, Միշել Ապու Սլէյմանի ներկայացուցիչը ներկայացուց երկու կազմերուն մարզիկները, որմէ ետք բոլորը մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին Սարգիս Մկրտիչեանի յիշատակը:
Ապա ՀՄԸՄ Անթիլիասի պասքեթպոլի յանձնախումբի ատենապետ Թալին Խաչատուրեան խօսք մը արտասանեց եւ յուշանուէրներ փոխանցեց հանգուցեալին ընտանիքին:
Մրցումին աւարտին Անդրանիկ Պէյրութի աղջիկները ստացան մետալներ եւ բաժակ մը, մինչ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները իրենց կարգին` մետալներ եւ առաջին դիրքին տիտղոսը:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ Անթիլիասի մաս կազմող Ճոյս Սալիպա, որ նշանակեց 15 կէտ, տիրացաւ լաւագոյն մարզիկի տիտղոսին:
ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐԸ
ՏՐԱՄԱԴՐԵՑ «SPORTSCODE»