Բրիտանացի արհեստավարժ բռնցքամարտիկ Թայսոն Ֆիւրի զրկուեցաւ ուքրանացի Վլատիմիր Քլիչքոյի դէմ տարած յաղթանակին շնորհիւ նուաճած ախոյեանական չորս գօտիներէն` IBF վարկածով տիտղոսէն:
Գերծանր դասակարգին մէջ մրցող Ֆիւրի մերժեց մենամարտիլ IBF ախոյեանական գօտիի պարտադիր յաւակնորդ, ուքրանացի Վիաչեսլաւ Կլազքովի հետ:
Մանչեսթըրցի բռնցքամարտիկը WBA, WBO, IBO ախոյեանական տիտղոսներու համար պարտադիր փոխվրէժի մենամարտը կը կայացնէ Վլատիմիր Քլիչքոյի հետ 2016-ին: