Հայ դահուկորդները կը մասնակցին Ֆինլանտայի մէջ տեղի ունենալիք` Սքանտինաւիոյ բաժակի մրցաշարքին, որ կը նկատուի միջազգային ֆետերասիոնի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցող շրջանային կարեւոր մրցաշարք մը:
Հայաստան այս տարի կը մասնակցի երեք մարզիկով` Սերկէյ Միքայէլեան, Միքայէլ Միքայէլեան եւ Մարիամ Միքայէլեան: Ազգային հաւաքականը կը գլխաւորէ Արթուր Միքայէլեան:
Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 11-13 դեկտեմբերին: Սքանտինաւիոյ բաժակի մրցաշարքին Հայաստան կը մասնակցի արդէն երրորդ անգամ ըլլալով: