Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աբրահամ. «Ամէն Յաղթանակէ Ետք Ինծի Անհրաժեշտ Է Հոգեկան Յաղթանակ, Որ Կը Ստանամ Հայաստանի Մէջ»

December 9, 2015
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

abraham_120815

Երէկ տեղի ունեցաւ բռնցքամարտի գերմիջին ծանրութեան WBO վարկածով աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամի մամլոյ ասուլիսը, որուն ընթացքին ան ըսաւ.

«Ուրախ եմ, որ Հայաստանի մէջ եմ: Ամէն յաղթանակէ ետք ինծի անհրաժեշտ է հոգեկան յաղթանակ, որ կը ստանամ Հայաստանի մէջ»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ո՞վ պիտի ըլլայ իր յաջորդ մրցակիցը, Արթուր Աբրահամ ըսաւ.

«Յաջորդ մրցակիցս յայտնի է: Ան մեքսիքացի է: Տակաւին յայտնի չէ,  թէ մրցումը ե՛րբ կ՛ըլլայ, բայց, հաւանաբար, տեղի կ՛ունենայ մարտին: WBO-ի մէջ ան ախոյեանի  գլխաւոր թեկնածուն է: Պարտութիւն չունի: Տակաւին չեմ տրամադրուած  յառաջիկայ մենամարտին, որովհետեւ բաւական ժամանակ կայ:  Հակառակորդիս մարտերը կը դիտեմ այն ժամանակ, երբ կը սկսիմ մարզուելու, իսկ հիմա ես կը հանգստանամ Հայաստանի մէջ, ուր պիտի մնամ 4 շաբաթ: Տակաւին չեմ որոշած, թէ ինչպէ՛ս պիտի դիմաւորեմ Ամանորը: Պիտի խօսիմ ընտանիքիս անդամներուն հետ, որպէսզի տեսնենք, թէ ո՛ւր պիտի դիմաւորենք: Ես շատ կ՛ուզէի Ամանորին ըլլալ Հայաստանի մէջ»:

Խօսելով «Պերլինի ախոյեան 2015» ստացած մրցանակին մասին` Աբրահամ ըսաւ.

«Ես 4-րդ անգամ դարձայ Պերլինի լաւագոյն մարզիկ: Ատիկա ինծի համար մեծ պատիւ է: Ատիկա աւելի կ՛ոգեշնչէ զիս, որպէսզի աւելի լաւ արդիւնքներ ցոյց տամ»:

Արթուր Աբրահամ յայտնեց, որ փոփոխութիւն կայ անձնական կեանքին մէջ: Հայ բռնցքամարտիկը ամուսնացած է  6 ամիս առաջ` Հայաստանի մէջ:

«Անձնական կեանքիս մէջ փոփոխութիւններ արդէն կան: Ամուսնացած եմ 6 ամիս առաջ` Հայաստանի մէջ: Անոր անունը Մերի է, ուսանող է` Երեւանի պետական համալսարանին մէջ: Ամուսնութիւնը գաղտնի տեղի չէ ունեցած, պարզապէս  այն ժամանակ չէի ուզեր, որ իմ անձնական կեանքս մամուլին մէջ յայտնուէր, այդ պատճառով շատերը տեղեակ չեն այդ մասին», ըսաւ Աբրահամ:

Նախորդը

ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Անդրանիկ Պէյրութ Պասքեթպոլի Բարեկամական Մրցում` Ի Յիշատակ Սարգիս Մկրտիչեանի

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.