Կազմակերպութեամբ Լիբանանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Ուահտէ Ռիատիէ մարզահամալիրին մէջ (Պիր Հասան) տեղի ունեցան Լիբանանի մարմնամարզութեան ախոյեանութեան մրցումները` տղոց 5-րդ եւ 6-րդ դասակարգերուն մէջ:
2006-2007 տարեկան դասակարգի մրցումներուն, բաւական տպաւորիչ եւ սքանչելի արդիւնք արձանագրելով, լիբանանահայութեան անունը բարձր պահեց Քրիս Պարսումեան, երբ տիրացաւ 3 ոսկի եւ 2 արծաթ մետալի` մարմնամարզութեան տարբեր տեսակի մարզաձեւերուն մէջ, եւ հանդիսացաւ Լիբանանի բացարձակ ախոյեան:
Նշենք, որ այս ախոյեանութեան հսկեցին յորդանանցի իրաւարարներ Մոհամետ Ախտար եւ Մունիր Սաքըր:
Կը շնորհաւորենք Քրիսը` անոր այս կարեւոր նուաճումին համար: