Անգլիոյ մայրաքաղաքին մէջ ընթացող ճատրակի միջազգային մրցաշարքի (Լոնտոն չես քլասիք) 5-րդ հանգրուանին, Հայաստանի հաւաքականի յառաջատար Լեւոն Արոնեան- աշխարհի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն մրցումը հաւասար աւարտեցաւ: Ասիկա Արոնեանի 5-րդ անընդմէջ հաւասարութիւնն էր: Այս հանգրուանէն ետք, Արոնեան 2.5 կէտով կը գտնուի 7-րդ դիրքի վրայ:
Այսօր Արոնեան պիտի մրցի Վեսելին Թոփալովի հետ: