
«Պարսելոնայի յետսապահ Ժերար Փիքէի վերաբերմունքը արժանի չէ մեկնաբանութեան», ըսաւ Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Ք. Ռոնալտօ: Լրագրողները խնդրեցին Ռոնալտոյէն մեկնաբանել «Թուիթըր»-ի մէջ Փիքէի գրածը` Սպանիոյ բաժակի մրցաշարքէն Ռէալը հեռացնելու որոշումէն ետք: Փիքէ ծիծաղի նշաններ դրած էր:
«Ժերար Փիքէ կը նախանձի Ռէալին: Բայց այդ ամէնը արժանի չէ մեկնաբանութեան: Ես չեմ կրնար ձրի Պիքէի քարոզչութիւնը ընել: Այլեւս չեմ ուզեր խօսիլ այս նիւթին մասին: Կան երեւոյթներ, որոնք արժանի չեն պատասխանի», ըսաւ Ռոնալտօ:
 
			

