
Ռէալ Մատրիտի նախկին մարզիչ իտալացի Քարլօ Անճելոթի մեկնաբանեց այն լուրերը, թէ յառաջիկայ ֆութպոլային եղանակին գերմանական Պայէրն Միւնիխ խումբին մարզիչ պիտի նշանակուի:
«Երբ քեզ կը կապեն Պայէրն Միւնիխի նման ակումբի հետ, ատիկա շատ կը խթանէ: Բոլորը կը սպասեն Կուարտիոլայի որոշումին: Ես շատ կը հաւնիմ Անգլիոյ ախոյեանութիւնը, բայց կ՛ուզէի գլխաւորել ուժեղ խումբ մը», ըսաւ Անճելոթի:
Պայէրն Միւնիխ խումբի մարզիչ Կուարտիոլայի ապագան գերմանական ակումբին մէջ տակաւին անորոշ է: Անոր պայմանագիրը կ՛աւարտի 2016 թուականի ամրան: Կուարտիոլա իր որոշումին մասին ակումբի ղեկավարութեան պէտք է յայտնէ մինչեւ յունուար:


