Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Սպարտակ Մոսկուայի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան շատ հաւանաբար վերադառնայ «Մէյճըր լիկ» եւ ֆութպոլի ասպարէզը շարունակէ Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ախոյեանութեան մէջ, ուր անցեալին մաս կազմած է Քանսաս Սիթի եւ Ռէալ Սոլթ Լէյքի:
Ըստ շրջան ընող տարաձայնութիւններուն, Մովսիսեանի գործակալը` Փաթրիք Մաքէյպ, այժմ բանակցութիւններու մէջ է Սպարտակի եւ Սոլթ Լէյքի հետ` Մովսիսեանի փոխանցումը իրականացնելու համար:
Նշենք, որ 2010-2011 տարեշրջանէն սկսեալ Մովսիսեան ելոյթ կ՛ունենայ Եւրոպայի մէջ` յաջորդաբար մաս կազմելով Ռանտերսի, Քրասնոտարի եւ Սպարտակի: