Ըմբշամարտ. Հայաստանի Յունահռոմէական Ոճի Հաւաքականը Երեւանի Մէջ Սկսաւ Հաւաքի Մը
Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ երէկ Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը` գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեանի հովանաւորութեամբ, Երեւանի մէջ սկսաւ հաւաքի մը: Այդ հաւաքը պիտի տեւէ մինչեւ 28 յունուար: «Երեւանեան այս հաւաքին կը մասնակցին 25 ըմբիշներ: Ասիկա պիտի ըլլայ պատրաստութիւն 29-31 յունուարին Պուլկարիոյ մէջ տեղի ունենալիք միջազգային մրցաշարքի մը: Ապա կը վերադառնանք Երեւան եւ դարձեալ հաւաք մը կը...



