Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Տիժոնի յետսապահ Կայէլ Անտոնեան նշանակեց 2 կոլ` Նիորի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (2-2):
Ան այսպիսով իր առաջին երկու կոլերը նշանակեց իր ակումբին հետ` յաջորդաբար 19-րդ եւ 92-րդ վայրկեաններուն:
Տիժոն, որ այսպիսով ապահովեց 38 կէտ, կը գրաւէ Ֆրանսայի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ դիրքը` 4 կէտով ետ մնալով Նանսիէն:
Նշենք, որ Անտոնեան իբրեւ փոխ տրուած մարզիկ ելոյթ կ՛ունենայ Տիժոնի հետ` նկատի ունենալով, որ անոր ստորագրութիւնը կը պատկանի Օլիմփիք Մարսէյի: