Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Ֆութպոլ. Հակիրճ Ակնարկ` Շաբաթավերջի Մրցումներուն

January 12, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 19-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, Նափոլի 5-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք այս տարեշրջանին Ա. դասակարգ բարձրացած Ֆրոզինոնէի, երթի մրցումները աւարտեց պարագլուխի դիրքին վրայ եւ ապահովելով 41 կէտ, հանդիսացաւ աշնան ախոյեան:

Անոր ետին 39-ական կէտով յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը գրաւեցին Ինթեր Միլան եւ Եուվենթուս:

Նախքան այս հանգրուանը, պարագլուխի դիրքը կը գրաւէր Ինթեր, որ սակայն պարտուեցաւ իր հիւրէն` Սասուոլոյէն, երբ մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (95-րդ) Տոմենիքօ Պերարտի փենալթիով կոլ մը նշանակեց:

Այլ գետնի վրայ Եուվենթուս, որ յաղթեց Սամտորիայի (2-1), արձանագրեց իր 9-րդ յաջորդական յաղթանակը:

Թէեւ Անգլիոյ մէջ ախոյեանութեան «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումներ չկատարուեցան, բայց բաժակի մրցաշարքին գծով տեղի ունեցան Գ. հանգրուանի մրցումներ:

Դ. դասակարգին մաս կազմող Էկզեթըր Սիթի իր դաշտին վրայ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Լիվըրփուլի հետ:

Լիվըրփուլի մարզիչ Եիւրկըն Քլոփ այս մրցումին համար իր կազմին մէջ կատարած էր 11 փոփոխութիւն` իր ունեցած վիրաւոր մարզիկներուն եւ խճողուած յայտագիրին պատճառով:

Այլ անակնկալ մը ստեղծեց նոյն դասակարգին մաս կազմող Օքսֆորտ Եունայթըտ, որ 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով մրցաշարքէն դուրս ձգեց «Փրեմիեր լիկ»-ի կազմերէն Սուանզին:

Դարձեալ նոյն դասակարգէն Ուիքոմպ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց Ասթոն Վիլայի հետ:

Ֆրանսայի մէջ ախոյեանութիւնը կը շարունակուի Փարիզ Սեն Ժերմենի մենատիրութեամբ` նկատի ունենալով, որ 20-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք Փարիզ Սեն Ժերմեն (առաջին) առաւելագոյն 60 կէտէն ապահոված է 54 կէտ, մինչ 2-րդ դիրքին վրայ գտնուող Անժէ ունի 34 կէտ: Մոնաքօ 3-րդ է` 33 կէտով:

Յունաստանի մէջ Օլիմփիաքոս ակումբին պատմութեան մէջ նոր մրցանիշ մը հաստատեց, երբ արձանագրեց իր 17-րդ յաջորդական յաղթանակը` 3-1 արդիւնքով յաղթելով Լեւատիաքոսի:

Անիկա 2005-2006 տարեշրջանին, արձանագրած էր յաջորդական 16 յաղթանակ:

Նշենք, որ եւրոպական մրցանիշը կը պատկանի Պենֆիքայի, որ 1971-73 տարեշրջանին արձանագրած է յաջորդական 29 յաղթանակ:

 

 

Նախորդը

Ռէալ Պեթիս Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

Յաջորդը

Ռայօ Վայեքանօ Կ՛ուզէ Փոխ Առնել Օզպիլիսը

RelatedPosts

Եւրոպական Ֆութպոլ. Պարսելոնա, Մանչեսթըր Սիթի Եւ Տորթմունտ  Ամբողջական Կէտեր Հաւաքած Են. Իտալիա` Բուռն Պայքար
Մարզական

Եւրոպական Ֆութպոլ. Պարսելոնա, Մանչեսթըր Սիթի Եւ Տորթմունտ Ամբողջական Կէտեր Հաւաքած Են. Իտալիա` Բուռն Պայքար

September 23, 2026
Հայաստանի Վերանկախացման Տօնին Առիթով`  Արման Մինասեան Նոր Մրցանիշ Հաստատեց
Մարզական

Հայաստանի Վերանկախացման Տօնին Առիթով` Արման Մինասեան Նոր Մրցանիշ Հաստատեց

September 23, 2026
Ճատրակ.  Հայաստանի Տղաքը Հաւասարեցան  Չինաստանի Հետ Եւ Յաղթեցին Իրանի
Մարզական

Ճատրակ. Հայաստանի Տղաքը Հաւասարեցան Չինաստանի Հետ Եւ Յաղթեցին Իրանի

September 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.