Պարսելոնայի միջնապահ Իվան Ռաքիթիչ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգելու շուրջ բանակցութիւններ կը վարէ քաթալոնական ակումբին հետ:
27 տարեկան խրուաթ ֆութպոլիստին պայմանագրութեան աւարտին թէեւ 3,5 տարի մնացած է, բայց ան կը փորձէ այդ պայմանագրութիւնը աւելի երկարաձգել:
Ցարդ Ռաքիթիչ Պարսելոնայի հետ կատարած է 80 մրցում եւ նշանակած 11 կոլ: