
«Լա լիկա»-ի խումբերէն Ռէալ Պեթիս պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Փեփէ Մելը, նկատի ունենալով, որ խումբը աւելի քան ամիսէ մը ի վեր կը մնայ առանց յաղթանակի:
Խումբը իր վերջին յաղթանակը արձանագրեց նոյեմբերի վերջը:
Նշենք, որ այսօր Պեթիս մրցում մը ունի կատարելիք Սեւիլլայի դէմ` Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Եթէ Պեթիս պիտի հասնի քառորդ աւարտական, պէտք է յաղթէ նուազագոյնը 3-0 արդիւնքով` նկատի ունենալով, որ երթին պարտուեցաւ 2-0 արդիւնքով:
Ինչ կը վերաբերի «Լա լիկա»-ի դասաւորման, խումբը կը գրաւէ 15-րդ դիրքը եւ 5 կէտով հեռու է Բ. դասակարգ չփոխադրուելու գօտիէն:


